Լոս Անճելըսի ՄԷջ Բացուած Է Վալմարի Ցուցահանդէսը

Մայիս 15-ին ԱՄՆ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ բացուեցաւ ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Վալմարի եւ անոր դուստր` Հռիփսիմէ Մարգարեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Եռօրեայ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հովանիի ներքոյ` Stephanie’s արուեստի ցուցասրահին մէջ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, իր խօսքին մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան ողջունեց ցուցահանդէսի նախաձեռնութիւնը` այն գնահատելով որպէս ամերիկահայ համայնքի մշակութային կեանքը հարստացնող եւ հայաստանեան արուեստին հետ հաղորդակից դառնալու հնարաւորութիւն ընձեռող ձեռնարկ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան կը մասնակցէին ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, համայնքային կառոյցներու անդամներ եւ մասնագէտ-արուեստասէրներ: