Իրաքի Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունած Է Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանը

Իրաքի Հանրապետութեան Նախագահ՝ դոկտոր Պարհամ Սալըհ, Պաղտատի  «Ալ Սալամ» պալատին մէջ  14 մայիսի, 2019-ին, ընդունած է   Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը::

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Իրաքի նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը յայտնէ, որ Իրաքի նախագահը ընդգծած է, որ հայ համայնքն  Իրաքի ընկերային կառուցուածքի կենսական բաղադրիչներէն կը համարուի, գովաբանելով ըսած է, որ հայերը հաւատարիմ են իրենց ազգային ինքնութեան եւ կը պահպանեն խաղաղ գոյակցութիւնը երկրի մնացած բաղադրիչներուն հետ:

Նախագահ Սալըհ իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է աջակցելու համայնքի օրինական պահանջներու իրագործման՝   ազատ եւ արժանապատիւ կեանք ապրելու Իրաքի ժողովուրդին հետ:

Իր հերթին, Առաջնորդ սրբազանը  բարձր գնահատած  է  նախագահ Սալըհի ջանքերը,   Իրաքի  մէջ ապրող բոլոր բաղադրիչները ի մի բերելու,  ազգային ոգին խթանելու:

Հանդիպման ընթացքին քննարկած են օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն մէջ հայերու  դերակատարութեան կարեւորութեան մասին:

 

Scroll Up