Լեւոն Շանթի 150ամեակին Եւ «Հին Աստուածներ» Պալէի Ստեղծման Նուիրուած Տօնախմբութիւն Կլէնտէյլի Մէջ

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» պալէի ներկայացման նպատակին համար, նուիրահաւաքի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Ապրիլին, «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ, մասնակցութեամբ շուրջ 100 մշակութասէր բարեկամներու:

Ծրագիրին գլխաւոր նախաձեռնողն էր համազգայնական Կատիա Քուշերեան: Ընկերուհին Շանթի 150ամեակին առթիւ կ՛ուզէր իրականացած տեսնել իր կեանքի երազներէն մին՝ Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղին պալէի մշակումով ներկայացումը: Իր այս փայփայած երազին իրականացման համար, ինք եւ քոյրը՝ Վարդուհի Քուշերեան որոշած էին նախակարապետը ըլլալ եւ իրենց անձնական խնայողութենէն 27,000 տոլարի նուիրատուութեամբ սկիզբ դրուեցաւ այս մեծածախս եւ պանծալի ծրագիրին: Սոյն նախաձեռնութեան իրագործման համար, անոնք դիմած էին երաժիշտ Վաչէ Շարաֆեանին, որ կատարած է պալէին երաժշտութեան յօրինումը եւ Միքայէլ Շարաֆեանին, որ արդէն կատարած է տարազներու ձեւաւորումը: Այս գեղեցիկ ծրագիրին կնքահայրութիւնը սիրայօժար կերպով ստանձնած էր Համազգայինը, իր աջակցութեամբ կազմակերպելով այդ օրուան ընթրիք-հաւաքոյթը:

Ներկայ էին Հայաստանի Հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ Վարազդատ Բահլաւունի եւ իր կինը, փրոֆ. Փիթըր Քաուի, արուեստագէտներ եւ կազմակերպութիւններու  ներկայացուցիչներ: Յիշատակելի էր նաեւ՝ Լեւոն Շանթի թոռան՝ Լեւոն Շանթի ներկայութիւնը, որուն հետ ծանօթանալու առիթը ընծայուեցաւ ներկաներուն. Ան իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց իր մեծ հօր կեանքն ու գործունէութիւնը անգամ մը եւս հարթակի վրայ բերելու նախաձեռնութեան համար:

Ընթրիքին մասնակցողները վայելեցին օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրը: Առաջին հերթին Սեդա Սիմոնեան խօսեցաւ Լեւոն Շանթ մարդուն եւ արուեստագէտին մասին եւ գեղեցկօրէն ու ասմունքային ներկայացումով վարեց ընդհանուր յայտագիրը: Ապա ցուցադրուեցաւ Լեւոն Շանթի կեանքին եւ գործունէութեան վրայ լոյս սփռող մանրապատումներու տեսերիզ մը, որ պատրաստուած էր Հրաչ Սիմոնեանի կողմէ:

Միսթըր Իքս ելոյթ ունեցաւ երկու երգով, որոնցմէ մէկը «Կիլիկիա» երգին արդիական մշակումն էր: Բեմ հրաւիրուեցան Վաչէ եւ Միքայէլ Շարաֆեանները, որոնք խօսեցան իրենց վստահուած գործին մասին, շնորհակալութիւն յայտնելով այս բացառիկ առիթին համար: Ապա Կատիա Քուշերեան շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտներուն, ներկաներուն եւ յատկապէս Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, որ իր զօրակցութեան գումարը այդ օրուան ընդհանուր գումարով խոստացաւ հասցնել 10.000 տոլարի: Շուրջ 70.000 տոլարի ծախս ենթադրող այս հրաշալի պալէի ներկայացումը պիտի բեմադրուի Հայաստանի մէջ, մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներու: Այս մէկը կը կատարուի առ ի յարգանք Լեւոն Շանթ մտաւորականին, գրողին, կրթական եւ հասարակական գործիչի վաստակին, եւ մանաւանդ «Հին Աստուածներ» փիլիսոփայական կոթողական գործին: Վստահաբար յաւելեալ մշակութասէրներ պիտի մասնակցին՝ օժանդակելու այս գեղեցիկ ծրագիրի իրականացման, զայն հասցնելու նաեւ միջազգային բեմեր:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ցարդ կատարուած բոլոր մեծ թէ փոքր սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն համար: Համազգայինը միշտ հաւատացած է իր առաքելութիւնը ամէն գնով յաջողցնելու վեհ նպատակին: Կ՛ակնկալենք յաւելեալ նուիրատուութիւններ եւս եւ լիայոյս ենք, որ մեր մշակութասէր գաղութը քաջալեր պիտի հանդիսանայ այս ծրագիրը ամբողջացնելու պահանջուած 70.000 տոլարի գոյացման:

«Չէք»երը կարելի է ուղարկել Համազգայինին՝ 407 East Colorado street, Glendale, CA 91205, հասցէով։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up