Պուլկարիոյ ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Համերգ

Մայիս 13-ին «Եւրոպական երաժշտութիւն» փառատօնի ծիրէն ներս Սոֆիայի ֆիլհարմոնիկ համերգասրահին մէջ Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ հայ դասական երգահաններու դաշնամուրային ստեղծագործութիւններու համերգ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Համերգի ընթացքին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Միրզոյեանի եւ Հայկ Բոյաջեանի գործերը կատարեց հայ երիտասարդ դաշնակահար, միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր Արմէն-Լեւոն Մանասերեան:
«Եւրոպական երաժշտութիւն» համերգաշարի կազմակերպիչները նշեցին, որ առանձնայատուկ նշանակութիւն կու տան Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու յաջորդ սերունդներուն ատոր փոխանցման, եւ այդ գործին մէջ կ՛ապաւինին եւրոպական աշխարհամասին մէջ բնակող ժողովուրդներու կարեւոր առաքելութեան:
Համերգն ունեցաւ մեծ յաջողութիւն` արժանանալով ունկնդիրներու ջերմ ընդունելութեան: