Քննարկուած Են Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերու Կազմակերպչական Հարցեր

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան մայիս 14-ին ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին գլխաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննիսեան եւ տարբեր երկիրներու հետ աշխատանքներ իրականացնող պատասխանատուներ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն, ողջունելով ներկաները` պետական նախարարը նշած է, որ աշխատանքային խորհրդակցութիւնը նուիրուած է համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման եւ հիւրերու գիշերակացը ապահովելու համար կազմակերպչական հարցերը քննարկելուն:

«Մենք համապատասխան ժամանակամիջոցին պէտք է կարենանք աշխատանքներն այնպէս իրականացնել, որ բացման հանդիսաւոր ձեռնարկն իրականացուի բոլոր չափանիշներուն համապատասխան, այդ իսկ պատճառով` բոլոր գերատեսչութիւններուն կը յորդորեմ աշխատանքները կազմակերպել համակարգուած եւ փոխգործակցութեան հիմքերու վրայ»,- նշած է Գ. Մարտիրոսեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Ի. Զաքարեան նշած է, որ տարբեր ուղղութիւններով ձեւաւորուած աշխատանքային խումբերու համատեղ ջանքերու շնորհիւ  միայն հնարաւոր է բոլոր խնդիրներու շուրջ ունենալ կիրառելի լուծումներ: «Այդ օրերուն հանրապետութեան տարանցիկ ճանապարհները, քաղաքները, համայնքները պէտք է տօնական տեսքով ըլլան, աշխատանքներուն մէջ պէտք է ընդգրկենք մեծ թիւով կամաւորներու, իսկ գիշերակացի հետ կապուած խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ պէտք է օգտագործենք հնարաւոր բոլոր տարբերակները»,- ըսած է Ի. Զաքարեան:

Հանդիպման աւարտին տեղի  ունեցած է միտքերու փոխանակում, պետական նախարարին կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են ՊԲ հրամանատար Կարէն Աբրահամեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան եւ պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up