ՀՀ Զինուած Ուժերու Մէջ Դժբախտ Դէպքի մը Հետեւանքով Զինծառայող Զոհուած է

ՀՀ զինուած ուժերու մէջ, Մայիս 14-ին, դժբախտ դէպքի մը հետեւանքով զինծառայող զոհուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան՝ Facebook-ի իր էջին միջոցով։

«Խոր ցաւով պէտք է տեղեկացնեմ, որ այսօր ՀՀ ԶՈւ-երու մէջ դժբախտ դէպքի մը (նախնական) հետեւանքով զոհուած է զինծառայող կրտսեր տասնապետ Արարատ Սիմոնի Խեչումեանը, 1999-ի ծնունդ, Կապանի ԶԿ: Կը ցաւակցինք Արարատ Խեչումեանի հարազատներուն»,- գրած է Յովհաննիսեանը:

Scroll Up