Արցախի Հերոս Դուշման Վարդանի Տուն-Թանգարան Բացուեցաւ Շուշիի Մէջ

Ուրբաթ, Մայիս 10-ին, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի հերոս Վարդան Ստեփանեանի (Դուշման Վարդանի) տուն-թանգարանի բացումը, կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը:

Թանգարանի բացման աջակցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պաշտպանութեան նախարար զօրավար Կարէն Աբրահամեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, պետական եւ զինուորական բարձրաստիճան անձեր, հերոսին մայրը՝ Զարիկ մայրիկը, հարազատներ, գաղափարակից եւ մարտական ընկերներ ու հիւրեր:

Վարդան Ստեփանեան 1988-ին ղեկավարած է Աֆղանիստանի մէջ ծառայած տղոց կամաւորական խումբը, որ կը մասնակցէր Հայաստ0514dushman1անի սահմանամերձ շրջանները պաշտպանելու եւ Արցախի ինքնապաշտպանական մարտերուն:

Վարդանը դաշնակցական առաջին կամաւորներու շարքին էր: Ան 1988-ին մեկնած էր Արցախ՝ իբրեւ մարտական մարզիչ Աշոտ Ղուլեանի ղեկավարած դաշնակցական ջոկատի կազմին մէջ, որ մասնակցած էր Հադրութի շրջանի Տող գիւղի ազատագրման մարտերուն:

Այնուհետեւ Վարդանի ջոկատը մտած էր Քարագլուխ գիւղը, որ ատրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուած «Օղակ» գործողութեան պատճառով աւերակ դարձած էր: Վարդանի տղաներուն յաջորդ յաղթանակը Ստեփանակերտի արուարձան Կրկժանի՝ ատրպէյճանական ամուր յենակէտի ոչնչացման ուղղուած գործողութիւնն էր, 22 Յունուար 1992-ին:

Դուշման Վարդան Արցախի  բանակը հիմնողներէն մէկն էր: 1988-էն սկսեալ, Դուշման ամբողջապէս նուիրուած էր Արցախեան շարժման, ճանաչում եւ յարգանք ձեռք բերելով ժողովուրդին մօտ եւ իր կենդանութեան օրերուն դարձած էր իսկական առասպելական կերպար:

3 Յուլիս 1992-ին, Մարտունիի շրջանի Միւրիշէն գիւղին մօտակայքը զոհուեցաւ Դուշման Վարդան:

Ան յետ մահու պարգեւատրուեցաւ «Մարտական խաչ» առաջին եւ երկրորդ աստիճանի շքանշաններով, «Շուշիի ազատագրման» եւ «Մօր երախտագիտութիւնը Արցախ աշխարհի հերոս զաւակներուն» մետալներով:

Զօրավար Արշաւիր Ղարամեան իր խօսքին մէջ յիշեց Վարդանի մարտական հերոսական ուղին.

«Ուր էլ գնամ, տուն եմ գալու: Դու չես լացելու, ես էլ չեմ ծխելու»: Այսպէս պայմանաւորուած էր հերոսը իր մօր՝ Զարիկ մայրիկի հետ:

Մայրը հպարտութեամբ խօսեցաւ իր հերոս որդիին մասին։ «Մայր, քո մահն անգամ ինձ հետ չի պահի», զաւակին խօսքերը յիշեց Դուշման Վարդանի մայրը:

«Ես չեմ լացում, որովհետեւ ես Վարդանի մայրն եմ, ես սերունդ եմ դաստիարակում: Ես ապրում եմ վաղուայ յաղթանակի օրուայ համար: Եռաբլուրում կը հաղորդեմ որդուս, որ ազգդ կանգուն եւ ուժեղ է»,- իր խօսքը եզրափակեց Զարիկ մայրիկը:

Scroll Up