Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցը

«ՆՈՐ ՕՐ»- Հարիւր եւ չորս տարիներ արդէն անցեր են Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւոր իրականութենէն. հայութիւնը աշխարհով մէկ տարածուած է, քայլ պահելով աշխարհի փոփոխութիւններուն հետ, եղած է աշխարհաքաղաքացի։ Փոխուած են սերունդներ, սակայն մէկ բան մնացած է անփոփոխ՝ Ցեղասպանութեամբ ստացուած հայ ժողովուրդի վէրքը, որ մինչ օրս կը կոտտայ եւ նոյն ուժգնութեամբ կը ցաւցնէ իւրաքանչիւր հայու հոգին: Հայուն վէրքը սպիացած չէ, որուն համար համայն  հայութիւնը անցնող 104 տարիներէ իվեր իր կարելին չխնայեց սերնդափոխութեան հետ մէկտեղ նահատակներու աւանդն ու պատգամը փոխանցելու եկող սերունդներուն՝ որպէս ազգապահպան աշխատանք, միաժամանակ անոնց հոգիներուն մէջ սերմանելով պահանջատիրութեան զգացումը:

Առ այդ, իր առաքելութեան հաւատարիմ, Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութիւնը հայկական բաժանմունքի հետ  համագործակցաբար, որոշեց Ապրիլ ամսուան 22, Երեքշաբթի եւ 25, Ուրբաթ՝ երկու օրերու ընթացքին կազմակերպել ապրիլեան սրբադասեալ նահատակներուն խնկելի յիշատակը վառ պահող ծրագիրներ, տարեկան աւանդական ծրագիրներու հետ առընթեր, որոնք ընդհանրապէս նպատակադրուած են հայ աշակերտներու մօտ ստեղծելու արթնութիւն՝ հանդէպ Ցեղասպանութեան եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն համար բոլոր դասարաններու աշակերտները  ունեցան յատուկ ծրագրեր եւ աշխատանքներ, որ զիրենք մղեց մտածելու, ուսումնասիրելու, խորհրդածելու եւ եզրակացնելու կարգ մը իրողութիւններ կապուած հայկական հարցին եւ պահանջատիրութեան հետ:

Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտները Երեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2019-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին հաւաքուած էին Դանիէլեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ աշակերտական Ս. Պատարագ. օրուան պատարագիչն էր Ամերիկայի եւ Քանատայի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպիսկոպոս Միքայէլեան։ Գերապայծառ տէրը, օրուան պատշաճ աղօթքներով քարոզով եւ ընթերցուածով աշակերտները մասնակից դարձուց պատարագին, բացատրելով հայ ժողովուրդի աղէտէն վերջ ունեցած 104 տարիներու ուղեւորութիւնը, եզրակացելով, որ մենք ալ պէտք է սորվինք անոնց ունեցած փորձառութենէն եւ մանաւանդ զոփուինք քաջութեամբ: Պատարագէն անմիջապէս ետք աշակերտները ուղղուեցան վարժարանիս շրջափակը, հոն զետեղուած Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին իրենց յարգանքի տուրքը  մատուցելու՝ զետեղելով ծաղիկներ: Մթնոլորտը յագեցած էր ծխացող եւ դէպի երկինք բարձրացող խունկի ծուխով, որուն կու գար միախառնուիլ ձայնասփռուող օրուան պատշաճ երգերն ու արտասանութիւնները՝ հանդիսութեան տալով միստիկ եւ խորհրդաւոր հանգամանք: Մինչ աշակերտները մանկապարտէզէն մինչեւ եօթներորդ կարգ առաջնորդուեցան ութերորդ կարգի աշակերտներու կողմէ, որոնք բարձրացուցած էին գրաւուած շրջաններու անունները եւ կարգով շրջանակ կազմեցին «ծիծեռնակաբերդին» շուրջ: Արարողութեան ընթացքին մատուցուեցան աղօթքներ եւ շարականներ, ապա Գերապայծառ հօր առաջնորդութեամբ աշակերտները երդուեցան հաւատարիմ մնալ մեր նախահայրերու աւանդին եւ քալել անոնց ուղիով:

***

Ուրբաթ, 25 Ապրիլ 2019-ին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական յուշահանդէս. հանդիսավարն էր ուսուցչուհի՝ Մարի Գույումճեան, որ իր խօսքով եւ մէջընդմէջ յայտարարութիւններով փորձեց աշակերտները պահել մթնոլորտի մէջ։ Աշակերտութեան կողքին ներկայ էին հիւրեր, վարժարանիս առաքինազարդ մայրապետները, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ։ Միասնական քայլերգի երգեցողութեամբ հանդիսութիւնը ընթացք առաւ։ Բացման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Քոյր Լուսիա, որմէ ետք մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին օրուան խորհուրդն ու իմաստը արտայայտող դասական ոտանաւորներ, երգեր, իսկ 5-րդ դասարանի աշակերտները ճարտարօրէն ներկայացուցին Դանիէլ Վարռւժանի «Դերենիկը»:

Վերջին արարով, 4րդ եւ 5րդ դասարանի աշակերտները, հայ ժողովուրդի վերականգնումն ու ապրելու վճռակամութիւնը բնորոշող  երգեր մեկնաբանեցին՝ վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի ղեկավարութեամբ եւ գեղեցկօրէն պարեցին, ցուցմունքներովն վարժարանիս ուսուցչուհի, պարուսոյց Կարինէ Գրիգորեանի։ Սքանչելի էր պատկերը եւ յուսադրիչ. բեմահարթակի վրայ հպարտօրէն կանգնած Ծիծեռնակաբերդի որմնանկարով, ներկաները գօտեպնդող լոզունգներով, աշակերտներուն, իրենց արմատները որոնող ընտանեկան ծաղկած ծառերու գոյութեամբ, եւ հեռուէն արդարութեան իրականացման սպասող նահատակ բանաստեղծներու տապանաքարերով, մինչ պատին վրայ զետեղուած զոյգ քարտէսները՝ ամերիկեան եւ աշխարհի, ցոյց կու տային Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ ընդունող երկիրներու դրօշակները,  քաջալերելով եւ թափ տալով հայ աշակերտին հայ դատի արդար լուծման գործընթացի  մօտալուտ իրականացման:

Այսպիսով, Հայ Քոյրերու վարժարանի ընտանիքը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը՝ ձգտելով միշտ վառ պահել նահատակներուն  յիշատակը եւ խթանել աշակերտներուն մէջ պահանջատիրութեան գաղափարն ու  զգացումը, մինչեւ տիրացումը ամբողջական հողերուն եւ հաստատումը արդարութեան:

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Scroll Up