«Արցախը վերակառուցելու Քարվաճառ ծրագիր». Աջակցի՛Նք Արցախի Բարգաւաճումին

«ՆՈՐ ՕՐ»- «Արարատ» հիմնադրամը, 2017-ի Սեպտեմբերէն իվեր, ձեռնամուխ եղած է Արցախի Նոր Շահումեանի շրջանի Քարվաճառի մանկապատանեկան մշակութային կեդրոնի վերականգնումի ազնիւ գործին: Հիմնադրամին առաքելութիւնն է հովանաւորել հայրենիքին մէջ հանրային ծառայութիւններու յատուկ ծրագիրներ, որոնք նպատակ ունին նպաստելու հայկական ժառանգութեան կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական աշխատանքներուն։
Քարվաճառը Արցախի 12 պատմամշակութային տուներէն է։ Ան յայտնի է որպէս Վերին Խաչեն կամ Ծար, որ ղեկավարուած էր Խաչենի իշխանական տան կողմէ, դիմանալով մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբ՝ մինչեւ ղարաբաղեան տարածքներու վրայ ռուսական տիրապետութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին, 1992 թ. Քարվաճառի տարածքները արդէն ազատագրուած էին հայկական ուժերուն կողմէ:
Քարվաճառը հարուստ է հայկական մշակութային շուրջ 750 յուշարձաններով, վանքերով, եկեղեցիներով, մատուռներով, ամրոցներով, խաչքարերով եւ արձանագրութիւններով: Անոնցմէ ամենանշանաւորը Դադի վանքն է:
Քարվաճառի տարածաշրջանը ԼՂՀ բնակչութեան ամենաբարձր բնակավայրն է եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ Հայաստանի երկրորդ «միջանցքն» է: Յարձակման որպէս արդիւնք, հայկական ուժերը չորս ուղղութիւններէ գալով գրաւեցին աւելի քան 1,900 քառակուսի քիլոմեթր տարածք: Միջանցքը օգնութիւն եւ մթերք ապահովելու անհրաժեշտութիւն մըն էր եւ է՛ մինչեւ օրս, որմէ կ՚օգտուի շուրջ 2,800 բնակչութիւնը: Իսկ Քարվաճառ քաղաքը ունի շուրջ հազար բնակիչ:
“Project Artsakh” Քարվաճառը վերակառուցելու ծրագիրը «Արարատ» հիմնադրամին հետ գործակցաբար կ’իրագործէ լայնածաւալ վերանորոգում եւ շինարարութիւն: Մանկապատանեկան մշակութային կեդրոնը վերանորոգութեան եւ վերականգման կարիք ունի՝ ժամանակակից, առանձնայատուկ բարձրակարգ յարմարութիւններով: Մշակութային կեդրոնին վերակառուցումը համայնքին եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար, հայկական հողին վրայ ապրելու եւ հաստատուելու անհրաժեշտութիւն մըն է եւ ապագայ կը խոստանայ: Կը ստեղծուին աշխատանքային հնարաւորութիւններ ոչ միայն շինարարներու, այլեւ երաժշտութեան եւ արուեստի ուսուցիչներուն համար: Այս նախագիծը հնարաւորութիւն կու տայ, որ տարածաշրջանին տաղանդաւոր երեխաները եւ երիտասարդները ծանօթանան եւ ներկայացնեն իրենց հարուստ մշակոյթը: Հայ ընտանիքներուն համար համոզիչ եւ դրական կէտ մըն է մնալու հողին վրայ եւ ընտանիք կազմել: Արարատ հիմնադրամին հետ կը համագործակցին նաեւ Իրաքահայ միութիւնը եւ “Christians in need” կազմակերպութիւնը։ Յատկապէս այս ծրագիրը յաջողցնելու համար հիմնադրամը կարիքը ունի այլ կազմակերպութիւններու օգնութեան, որպէսզի նիւթապէս օժանդակեն եւ աւարտին հասցնեն այս ծրագիրը: Մշակոյթը պահպանելով ազգը կը պահպանուի եւ կը բարգաւաճի:
Եւ այսպէս, Մայիս 5-ի երեկոյեեան, Կլենտէյլի “Pierre Garden” ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք-ճաշկերոյթ` պետական պաշտօնատար անձերու եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի մտաւորականներու ներկայութեան։ Խօսքեր արտասանեցին եւ ելոյթներ ունեցան շատեր, որոնցմէ յիշենք Անթոնիա Արսլան, Նունէ Աւետիսեան, Սալբի Քերքոնեան, Արա Ահարոնեան, Լորա Մելիքեան, Արմինէ Զաքարեան, Գայիանէ Գէորգեան, Ֆրէտ Սարգիսեան, Վրէժ Աղաջանեան եւ ուրիշներ։ Հեռակապ հաստատուեցաւ Արցախի հետ։
Օրուան գլխաւոր զեկուցողն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 46-րդ շրջանի անդամ Ատրին Նազարեանը, որ գնահատագիրով պատուեց «Արարատ» հիմնադրամը: Ան նշեց Արցախի պատմական եւ մշակութային կարեւորութեան մասին, որ եղած է իր հայրական եւ նախնիներուն ծննդավայրը: Ատրին Նազարեան բաւական ծրագիրներ եւ աշխատանքներ կազմակերպած է իր պաշտօնակիցներուն ծանօթացնելու համար Արցախի անկախութեան կարեւորութիւնը:
Միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցաւ լուռ աճուրդ Արցախէն նուիրուած հայկական գորգի, ինչպէս նաեւ նկարչական արուեստի գործերու: Յայտագիրը ճոխ էր հայկական երաժշտութեամբ, երգով եւ ասմունքով` հայ արուեստագէտներու կատարողութեամբ։
Յանուն Արցախի ազատութեան պայքարին զոհուած երիտասարդներուն, ծանր պայմաններուն դիմացող քաղաքացիներուն, հողը հայկական պահողներուն եւ մեր հայրենիքը պաշտպանող քաջարի քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ կազմակերպիչները կոչ ըրին անկարելին ընել կարելի եւ իրականացնել այս ծրագիրները ի պատիւ մեր հայրենակիցներուն: 7,000 մղոն հեռուէն ցոյց տանք թէ իրենք մոռցուած չեն եւ ունին մեր թիկունքը։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ