Աննա Յակոբեան Հիւրընկալած Է «Ռուսաստանի Հայերու Միութեան» Նախագահ Արա Աբրահամեանը

ՀՀ վարչապետի տիկին, «Իմ քայլը» եւ «City of smile Ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան մայիս 12-ին հիւընկալած է «Ռուսաստանի Հայերու միութեան» (ՌՀՄ) նախագահ, ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի բարի կամքի դեսպան Արա Աբրահամեանը:

Ինչպէս կը հաղորդեն Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն, հանդիպման Արա Աբրահամեան պատմած է մայիս 12-14 Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող  «ճակատագրերը տարբեր են, յաղթանակը` մէկը» խորագիրով համաժողովին մասին: Աննա Յակոբեան ներկայացուցած է իր ղեկավարած երկու հիմնադրամներու «Իմ քայլը» եւ «City of smile ժպիտներու քաղաք» բարեգործական հիմնադրամներու գործունէութիւնը: Կողմերը քննարկած են յետագայ համագործակցութեան ուղիները:

Scroll Up