Իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան «Արարատ Տան» Ատենապետ Կը Վերընտրուի

«Արարատ տան» հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հոգաբարձութեան ատենապետ ընտրուած է իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան, որ 2013-2016ի միջեւ եւս ստանձնած էր տարեցներու խնամատար հաստատութեան ատենապետի պաշտօնը։

Նախորդ ատենապետը՝ Մայքըլ Սիւրմէեան, որ վերջին երեք տարիներուն վարած էր այդ պաշտօնը, ողջունեց որոշումը, նկատի ունենալով Կանիմեանի անցեալի փոձառութիւնը եւ շրջանի հայ համայնքին հետ սերտ կապերը։

Իր կարգին, Կանիմեան պատիւ մը համարեց իր վրայ հոգաբարձութեան դրած վստահութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնելով Սիւրմէեանին սպասարկութիւններուն համար։

Այս տարի «Արարատ տուն»ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 70ամեակը։

Իրաւաբան Կանիմեան ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ: Ան եղած է Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ եւ Կարմիր խաչի Լոս Անճելըսի բաժանմունքի վարչութեան անդամ: Կանիմեան նաեւ հիմնադիր անդամ է «Հայաստան տան» եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն ստացած է «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը՝ Հայց. եկեղեցւոյ մատուցած իր երկարամեայ կամաւոր սպասարկութեանց համար:

Scroll Up