Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «2016-ին Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւնները Պէտք Է Կեանքի Կոչուին»

Հայաստանի արտաքին գորոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Լեռնային Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած հրադադարի մասին համաձայնագիրի 25-ամեակին առիթով:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 5 մայիս 1994-ին Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններու ղեկավարներուն միջեւ ստորագրուած Պիշքեքեան արձանագրութիւնը ճանապարհ հարթած է ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ անոր յաջորդած 1994 եւ 1995 թուականներու հրադադարի եռակողմ համաձայնագիրներու կնքման համար:

Յայտարարութեամբ հրադադարի հաստատման 25-ամեակին առիթով խոր գնահատանքն ու երախտագիտութիւն կը վերահաստատուի միջնորդներու, յատկապէս Ռուսիոյ ջանքերուն համար, որոնք կարեւորագոյն դեր ունեցան այս համաձայնագիրներու կնքման գործին մէջ: Հետագային այդ համաձայնագիրները եւ անոնց նշանակութիւնը գնահատուեցան եւ հաւանութեան արժանացան միջազգային հանրութեան կողմէ, մասնաւորապէս 1994-ի ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշթեան վեհաժողովին:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ցուցադրած է իր անսասան կարողութիւնը պաշտպանելու եւ հակազդելու Ազրպէյճանի կողմէ աւերիչ նախայարձակումին ու 1990-ականներու սկիզբը ցեղային զտումներու ու ոչնչացման սպառնալիքին, ստեղծելու ժողովրդավարական հասարակութեան ամուր հիմքեր եւ ազատօրէն որոշելու իր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային զարգացումը` ուղղուած ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք գործադրման: Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի անվտանգութեան երաշխաւորը:

Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի դրութեան շարունակական խախտումներու եւ մասնաւորապէս 2016 ապրիլին Արցախի դէմ նախայարձակումին լոյսի տակ 1994-1995 թուականներուն զինադադարի համաձայնագիրները կը շարունակեն վաւերական մնալ` ամուր հիմք հանդիսանալով ընդդէմ ուժի կիրարման եւ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման, որ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 16 մայիս 2016-ի միացեալ յայտարարութեան մէջ վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը 1994-1995 թուականներուն հրադադարի մասին համաձայնագիրներուն եւ պնդած զանոնք յարգելու կարեւորութեան վրայ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ ըլլալ 1994-1995 թուականներուն հրադադարի համաձայնագիրներու տառին եւ ոգիին: Աւելի՛ն, այս համաձայնագիրները կը շարունակեն ծառայել իբրեւ հիմնասիւն` ուժի կիրարկումը մերժելու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` միջազգայնօրէն ճանչցուած միջնորդութեան ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն մէջ իրական յառաջխաղացք ապահովելու համար:

Հրադադարի դրութիւնը յարգելու մասին 2018 սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կը մատնանշեն քաղաքական կամքի կարեւորութիւնը զինադադարը պահպանելու եւ լարուածութեան արկածախնդրութիւնը նուազեցնելու գործին մէջ: Վերջին ժամանակաշրջանին արձանագրուած են հրադադարի դրութեան խախտման դէպքեր, որոնց պատճառով ծանր վիրաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի երկու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մէկ զինուորական ծառայող` համապատասխանաբար շփման գիծին մէջ եւ սահմանին վրայ: Այս ցաւալի միջադէպերը կ՛ընդգծեն հրադադարի դրութեանն եւ անոր ամրապնդման հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը: Յատուկ միջոցները, մասնաւորապէս 2016-ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները պէտք է կեանքի կոչուին:

Հրադադարի դրութեան հաստատման 25-ամեակը կը վկայէ 1994-95 թուականներու համաձայնագիրներու եռակողմ ձեւաչափի իսկութեան եւ կենսունակութեան, ինչպէս նաեւ տագնապի տեւական հանգուցալուծման նպատակով Լեռնային Ղարաբաղի լիարժէք ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութեան մասին:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ այս տարեդարձը նաեւ կը խրախուսէ բոլոր կողմերը վերահաստատելու իրենց յանձնառութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման նկատմամբ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ: Հայաստան կը շարունակէ լիովին հաւատարիմ մնալ տեւական խաղաղութեան, ինչ որ բազմիցս վերահաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ 29 մարտ 2019-ին Վիեննայի մէջ կայացած վերջին վեհաժողովին:

Scroll Up