ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովով Աթէնքի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան հիւրընկալութեամբ, 10-12 Մայիս, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը:

Մայիս 10-ին, Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ, աւելի քան 30 դաշնակցական երիտասարդներ հասան Աթէնք: Ժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու անդամներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Անգլիայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն:

Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Յունաստանի Աթէնք քաղաքի ՀՅԴ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան ատենապետ Արման Գրիգորեան, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Յովսէփ Տէր Գէորգեան եւ Մուրատ Փափազեան:

Խորհրդաժողովը քննեց զանգուածային ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու օգտագործումը Հայ դատի եւ Արցախի ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Նաեւ` ներկայացուեցան ՀՅԴ մամուլի դերը, պատմութիւնն ու սկզբունքները: Աշխատանքային խումբերու նիստերուն ընթացքին, քննարկուեցան ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու դասական մամուլի իրավիճակն ու տարուած քարոզչութիւնը ընկերային ցանցերուն վրայ: Ժողովը կեդրոնացաւ թուրք-ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ հայութեան դէմ մղուող տեղեկատուական պատերազմին եւ անվտանգութեան հարցերուն վրայ:

Ժողովի աւարտին բանաձեւուեցան առաջարկներ, որոնք կը միտին երիտասարդներուն քով զարգացնել տեղեկատուական մարզին մէջ իրենց կարողութիւնները` ի սպաս Հայ դատի աշխատանքներուն:

Scroll Up