Բարերար Վարդան Նազիրեան Կը Պարգեւատրուի Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսական Շքանշանով

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Մայիս 5, 2019, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս միշտ, բայց` այս անգամ առաւել եւս, ողողուած էր հաւատացեալներու յորդահոս բազմութեամբ:

Այդ օր, մեր մայր եկեղեցին կը տօնէր Ս. Զատկուան յաջորդող երրորդ Կիրակին, որ կը կոչուի նաեւ Աշխարհամատրան եւ Կանանչ Կիրակի: Պատարագիչն էր Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Տէր Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, իր կողքին ունենալով սարկաւագներու մեծաթիւ խումբ մը:

Այդ օր, գաղութիս ծանօթ երիտասարդ բարերարներէն` Ա.Մ.Ն.-ի, Հայաստանի եւ Արցախի ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ իր աստուածահաճոյ բարերարութիւններով ծանօթ` Վարդան Նազիրեան Ամենայն Հայոց Շնորհազարդ Հայրապետի կողմէ պարգեւատրուեցաւ` Հայրապետական Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի շքանշանով:

Մօտաւորապէս առաւօտեան ժամը 11:45-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութեան հոգեպարար արարողութիւնը, նախագահութեամբ` Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի:

Պարգեւատրութեան ներկայ էին Թեմի երկարամեայ նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տէր Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդի նախկին փոխանորդ` Հոգշ. Տէր Տաճատ Ծ. Վրդ.  Եարտըմեան բազմավաստակ հոգեւորական Տէր Արշակ աւագ քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մանուկ աւագ քհնյ. Մարգարեան:

Մայր Տաճարի բազմանդամ երգչախումբը, ծանօթ արուեստագիտուհի` Ալենուշ Եղնազարի հոյակապ ղեկավարութեամբ:

 «Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցից

Քանզի Քրիստոս արքայն երկնից

Այսօր պսակեաց ըզքեզ խաչիւն իւրոյ»:

շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով բերուեցաւ Հայրապետական Կոնդակն ու Շքանշանը, բարերար Վարդան Նազիրեանի եւ իր զաւակներուն ընկերակցութեամբ:

Ժողովուրդը խորագոյն հաւատքով կը մօտենար թափօրի դպիրներուն եւ սարկաւագներուն, անոնց զգեստները եւ խաչերը համբուրելով եւ հպելով:

Տէր Մանուկ աւագ քհնյ. Մարգարեան Ս. Խորանէն կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Շինարար Հայրապետին ուղարկած Ս. Կոնդակը: Ապա, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդը բարերարին կուրծքը զարդարեց Վեհափառ Հայրապետին  կողմէ շնորհուած Շքանշանով:

Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազան շատ յուզիչ եւ գեղեցիկ խօսքով վեր առաւ եւ մեծապէս գնահատեց Վարդան Նազիրեանի եկեղեցական, հայրենական, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին մատուցած բազմաբնոյթ ծառայութիւնները: Ապա ջերմ խօսքերով անոր մաղթեց երկար կեանք եւ նորանոր ծառայութիւն Աստուծոյ փառքին եւ հայրենիքի բարգաւաճման համար:

Սուրբ Պատարագը շարունակուեցաւ: Աւարտին, Վարդան Նազիրեանի հարազատներէն, ընկերներէն մօտ 200 հրաւիրեալներ անցան Մայր Տաճարի «Գալայճեան» սրահը, սիրոյ սեղանի մը շուրջ շնորհաւորելու համար իրենց բարեկամը, հարազատն եւ ընկերը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, հանդիսավարութեամբ Տիկին Պերթա Պախչէճեանի: Ցուցադրուեցաւ մօտ 20 վայրկեաննոց հոյակապ ֆիլմ մը, ցոյց տալով բարերարին պատուաբեր ծառայութիւններէն նմոյշներ:

Խօսք առին Վարդան Նազիրեանի մօտիկ ընկերներէն` Խաչիկ Ճանոյեան եւ մեծարեալի զաւակները:

Շնորհակալութեան յուզիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալ` Վարդան Նազիրեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ սոյն յիշատակելի ձեռնարկը:

Մենք ալ մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը յղենք մեծարեալին, մաղթելով իրեն կենսառողջ եւ արեւշատ օրերով լեցուն երջանիկ կեանք մը, միշտ իր կուրծքին վրայ հպարտօրէն կրելով հայրապետական այս օրհնաբեր շքանշանը:

«Պատիւս արժանաւորաց»:

Scroll Up