«Նազանի» Պարախումբի, Յակոբ Ղասաբեանի Եւ Տուտուկահար Արսէն Պետրոսեանի Համատեղ Համերգը Ֆրանսայի ՄԷջ

Մայիս 5-ին Ֆրանսայի Մոնս ան Պարոլի (Լիլ քաղաքի ակլոմերացիա) «Արարատ» միութեան «Նազանի» պարախումբը հանդէս եկաւ իր հերթական կալա-համերգով` «100 %» խորագիրի ներքոյ: Այս տարի այն նուիրուած էր Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին, որուն մասնակցեցան Ֆրանսայի «Ֆրանս 2» հեռուստաալիքի «Հրաշամանուկներ-2015» հեռուստամրցոյթի երգ անուանակարգի յաղթող Յակոբ Ղասաբեան եւ Հայաստանէն հրաւիրուած տուտուկահար Արսէն Պետրոսեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին  կը յայտնեն կազմակերպիչները, «Նազանի» պարախումբի կալա-համերգները տեղի կ՛ունենան երկու տարին  անգամ մը: Հոկտեմբեր 1-ի Շառլ Ազնաւուրի մահուան տխուր լուրը փոխեց նախնական ծրագիրի թեման եւ որոշուեցաւ Յակոբ Ղասաբեանի եւ Արսէն Պետրոսեանի հետ համատեղ յարգանքի տուրք մատուցած մեծ երգիչին: Ինքնըստինքեան յառաջացաւ նաեւ «100 %» խորագիրը, որ կը մէջբերէր Ազնաւուրի հանրածանօթ  արտայայտութիւն մը. «Ես կը զգամ 100 % ֆրանսացի եւ 100 % հայ»: Այսպիսով, երեք տարուան պատմութիւն ունեցող պարախումբի (պարուսոյց` Նարեկ Յակոբեան) տարբեր տարիքի քառասուն պարողներու հեզական եւ առնական պարերը, Յակոբ Ղասաբեանի ազնաւուրեան երգացանկի երգերու հիանալի կատարումները եւ Արսէն Պետրոսեանի տուտուկի թովիչ ձայնը շլացուցին եւ յուզեցին հանդիսատեսը: 400-տեղանոց դահլիճը լեփ-լեցուն էր. ներկայացումէն մէկ ամիս առաջ բոլոր տոմսերն արդէն վաճառուած էին:

Լիլի եւ յարակից շրջաներու հայերու «Արարատ» միութեան հիմնական կոչումը Ֆրանսայի հիւսիսը հայկական մշակոյթի պահպանումն ու տարածումն է: Հայկական պարի պարապմունքները, հայոց լեզուի (ինչպէս նաեւ ճատրակի) դասընթացները եւ պարբերաբար կազմակերպուող մշակութային ձեռնարկները վերջին երկու տասնամեակին ընթացքին ձեւաւորուած ֆրանսահայ այս համայնքի անդամներուն հնարաւորութիւն կու տան ընկղմելու ազգային մշակութային միջավայրի մէջ` պահպանելով կապը ազգային աւանդոյթներու եւ, ինչու՞ չէ, Հայաստանի հետ:

Scroll Up