Պէյրութի Քաղաքապետը Բարձր Գնահատած Է Լիբանանահայութեան Դերը Քաղաքի Զարգացման Գործին ՄԷջ

Մայիս 8-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպեցաւ Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանիի (Jamal Itani) հետ, որ նաեւ կը հանդիսանայ Լիբանանեան քաղաքապետներու յանձնաժողովի նախագահը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, հանդիպման ընթացքին քաղաքապետ Իթանին գոհունակութեամբ ընդգծեց երկու քոյր քաղաքներու` Պէյրութի եւ Երեւանի միջեւ երկու տասնամեակէ աւելի առկայ համագործակցութիւնը, կատարուած աշխատանքները եւ հեռանկարային ծրագիրները: Պէյրութի քաղաքապետը բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան նուիրական դերը քաղաքի զարգացման գործին մէջ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համագործակցութեան ընդլայնման եւ փոխայցելութիւններու կազմակերպման վերաբերեալ:

Scroll Up