Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ «Անմահ Գունդ» Խորագիրով Քայլերթին

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հինգշաբթի, 9 Մայիսին մասնակցեցաւ «Անմահ գունդ» խորագիրով քայլերթին, որ կազմակերպուած էր «Հայաստանի Անմահ գունդ» հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ գործակցելով:

Քայլերթին նպատակն է՝ հայ ժողովուրդի փառահեղ յաղթանակներու օրուան՝ եռատօնի խորհուրդին եւ անոր վերաբերեալ յիշողութիւններու պահպանումը եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցումը:

Քայլերթին մասնակցողները կը կրէին Հայրենական մեծ պատերազմի, Արցախեան ազատամարտի եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն լուսանկարները:

«Անմահ գունդ» խորագիրով երթեր տեղի ունեցան նաեւ Հանրապետութեան զանազան քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ:

Scroll Up