Թաներ Աքչամի Յօդուածաշարքը «Թարաֆ»-ի Մէջ. «Մուսթաֆա Քեմալն Ու 2015-ը» (Ա.)

«Թարաֆ» թերթը հրատարակած է թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի նոր մէկ յօդուածը, որ կը կրէր «Մուսթաֆա Քեմալ եւ 2015» խորագիրը, եւ որուն մէջ Թաներ Աքչամ դարձեալ հայերու ի նպաստ նուրբ մեկնաբանութիւններ կ՛ընէր: Յօդուածին տուն տուող հարցը վարչապետ Էրտողանի կողմէ Տիգրանակերտի մէջ արտասանուած «Քիւրտիստան» անունն էր: Վարչապետ Էրտողան Քիւրտիստան բառին գործածութիւնը արդարացուցած էր մէջբերումներ ընելով Մուսթաֆա Քեմալէն:

Աքչամ, այս կէտէն մեկնելով, հարց կու տար, որ եթէ Քիւրտիստան անունին գործածութիւնը կ՛արդարացուէր Մուսթաֆա Քեմալի խօսքերով, նոյնը կարելի չէ՞ր ընել 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Այսինքն վարչապետը չի՞ կրնար իթթիհատականները, կամ այդ շրջանի հրոսախումբերն ու ոճրագործները ամբաստանել որպէս ոճրագործ եւ ընդունիլ, որ 1915-ին հայերու դէմ ահաւոր ոճիրներ գործուեցան եւ այդ ոճիրներուն նպատակն էր ամբողջ ժողովուրդ մը ոչնչացնել: Վարչապետը, եթէ այսպիսի արտայայտութիւն մը ունենար եւ եթէ անոր դէմ առարկութիւններ կատարուէին, այն ատեն կրնար իր խօսքերը արդարացնել դարձեալ Մուսթաֆա Քեմալէն մէջբերումներ ընելով:

Այս նիւթի կապակցութեամբ Թաներ Աքչամ աւելի կը յստակացնէ իր խօսքը եւ իբրեւ օրինակ կը յիշէ «Մինպեր» անուն թերթ մը, որ հրատարակուած էր Աթաթիւրքի մօտիկ ընկեր Ֆերհի Օքեարի եւ Աթաթիւրքի կողմէ միասնաբար: Այս թերթը 1 նոյեմբեր 1918-ին հրատարակուեցաւ եւ 51 թիւ վերջ փակուեցաւ: Այս թերթին մէջ ընդհանրապէս կը հրատարակուէին անստորագիր կամ ծածկանուններով ստորագրուած յօդուածներ:

Յայտնի չէ, թէ Մուսթաֆա Քեմալ ո՞ր յօդուածները գրի առած է: Բայց ի վերջոյ այս թերթը անոր թերթն էր եւ հոն յայտնուած գաղափարները կրնանք իրը նկատել: Օրինակ, 6 նոյեմբերի թիւին մէջ շատ ծանր արտայայտութիւններ կային այն իթթիհատականներուն մասին, որոնք խոյս տուած էին երկրէն:

Աքչամ կը յիշեցնէ, թէ այս թերթին կողմէ հրատարակուած գրութեան մէջ իթթիհատականները կը նկատուին հրոսախումբեր, եւ կ՛ըսուի, որ հայերու դէմ կատարուածը «աղէտ է» եւ աններելի վերաբերմունք:

MinberԹաներ Աքչամ նոր թրքերէնի վերածելով` ամբողջովին կու տայ վերոյիշեալ յօդուածին պատճէնը: Հոն մայր գաղափարն այն է, թէ կարելի չէ ժողովուրդ մը մէջտեղէն վերցնել, նոյնիսկ եթէ այդ ժողովուրդը երեք հոգիէ կը բաղկանայ, եթէ այդ ժողովուրդը ունի լեզու մը, գրականութիւն մը եւ իր ընկերային ինքնութիւնը: Իր այս յատկութիւններով ան ազգ մըն է, եւ սեղանի մը գլուխը հաւաքուած քանի մը հոգի չի կրնար այդ ազգը մէջտեղէն վերցնել: Մնաց որ, ոեւէ մէկը, կ՛ուզէ նախարար ըլլայ կ՛ուզէ տարբեր ղեկավար կամ հրոսախումբի անդամ, ո՛չ մէկը իրաւունք ունի ուրիշ ազգի մը մասին խօսելու: Եթէ ազգ մը գիտակից է իր ինքնութեան, որքան ալ տկար ըլլայ ան, մէջտեղէն չի վերնար:

Յօդուածը այսպէս կը շարունակուի: Անոնք, որոնք երէկ իրենց պաշտօնները ձգելով խոյս տուին երկրէն (իթթիհատականները), անոնք իրենց պատմութեան դէմ ամենածանր եւ ամէնէն աններելի պատասխանատուութիւններէն մէկը ունեցան հայ ազգի դէմ իրենց ցուցաբերած վարմունքին պատճառով: Եթէ կարելի ըլլար հայ ժողովուրդը երկրագունդին վրայէն ջնջել, այն ատեն ասիկա ուրիշ ի՞նչ արդիւնք կրնար ունենալ, եթէ ոչ` պատճառել ահաւոր նիւթական վնաս մը: Քանի մը հոգիի խելապատակէն ելած այս սխալ որոշումը ուրիշ ի՞նչ կրնար ընել, եթէ ոչ դարերէ ի վեր նոյն հայրենիքը բաժնող, իրարու հետ որպէս բարի դրացի ապրող եւ ընկերային կեանքէ ներս իր բոլոր պարտականութիւնները ստանձնած ժողովուրդի մը վստահութիւնն ու ապահովութիւնը ջնջել: Արդարեւ, այդպէս եղաւ: Ոմանք պիտի պնդեն, որ հայերու մէջ ալ որոշ տարրեր ծայրայեղութեան գացին, բայց արդեօք փոքրաթիւ մարդոց սխալին պատճառով կարելի՞ է ամբողջ ժողովուրդ մը սուրէ անցընել: Ասիկա նիւթական տեսակէտէ ալ շատ վնասակար է:

Թաներ Աքչամի կողմէ նոր թրքերէնի վերածուած յօդուածին մէջ կը պնդուի, որ հայերու բնաջնջումով Թուրքիա կորսնցուց տուրքերու դրամական մեծ գումարներ:

Մուսթաֆա Քեմալի հրատարակած թերթի այս յօդուածը ամէնէն վերջ կը յիշեցնէ, որ հինէն ի վեր հայերը նկատուած են քրիստոնեայ թուրքեր: Թուրքերու եւ հայերու միջեւ ուժեղ վստահութիւն կար, թուրքերը զինուոր մեկնելէ առաջ իրենց սիրելիները հայ դրացիներուն կը վստահէին: Այս երկու ազգերուն միջեւ անկեղծ եւ սիրալիր յարաբերութիւններ կային: Անոնց միջեւ դաւաճանութեան որեւէ պատմութիւն չկար: Թուրքը հողագործութեամբ կը զբաղէր եւ անոր քով հայն ալ արուեստով եւ առեւտուրով կը զբաղէր: Ի վերջոյ երկուքն ալ լուրջ եւ միասին կ՛աշխատէին: Հայուն միակ տարբերութիւնը այն էր, որ ան մզկիթ երթալու տեղ եկեղեցի կ՛երթար: Այս փոխադարձ վստահութիւնը այնքան ուժեղ էր, որ ամէնէն մեծ փոթորիկն անգամ չէր կրնար ոչնչացնել զայն: Այդպէս ալ եղաւ, այսքան մեծ աղէտէ մը ետք նորէն այս երկու տարրերը լայնախոհ կերպով նայեցան իրարու:

Վերոյիշեալ յօդուածին եզրակացութիւնը սա է. «Հայ ազգը այս հասարակաց աղէտին դիմաց եթէ կրցաւ մասմաքուր եւ իր ցեղին արժանի լռութիւն մը պահել, արդեօք ատոր համար վնա՞ս կրեց: Այս հարցումին անվարան կրնանք «երբեք» պատասխանել: Հայերը այսուհետեւ պիտի վայելեն բոլոր այն իրաւունքները, զորս իրաւական գետնի վրայ ունէին օսմանեան շրջանին, եւ անոնք թող վստահ ըլլան, որ օսմանեան շրջանի պատմութեան մէջ եւս անոնք միշտ պիտի յիշուին երախտագիտութեամբ»:

Ահաւասիկ այս յօդուածն է, որ ըստ Թաներ Աքչամի, կ՛արտայայտէ Մուսթաֆա Քեմալին, այսինքն Աթաթիւրքին մեկնաբանութիւնը` հայերու դէմ գործուած սպանդներու կապակցութեամբ: Եւ այս յօդուածը կարելի է գործածել որպէս փաստ մը` թէ Աթաթիւրք դատապարտած է 1915-ի սպանդները հայ ժողովուրդին դէմ:

 «ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

(Շարունակելի)

Scroll Up