Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Արցախեան Ազատամարտին Զոհուած Օդաչուներու Ընտանիքներու Անդամները

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  այսօր ընդունած է Արցախեան ազատամարտին զոհուած օդաչուներու ընտանիքներու անդամները:

Բարձր գնահատելով հայրենիքի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած օդաչուներու սխրանքը` նախագահն իր յարգանքի եւ երախտիքի խօսքն  ուղղած է զոհուած օդաչուներու ընտանիքներուն: «Հայրենիքին ծառայելն ու հայրենիքի համար զոհուիլը մարդկային բարձր արժանիք է, բայց հերոսի այրի ըլլալն ու ատկէ յետոյ շարունակել արժանապատիւ ապրիլը մէկ այլ հերոսութիւն է»,– նշած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Հանդիպման մասնակիցները Հանրապետութեան նախագահին  ներկայացուցած են իրենց յուզող հարցերն ու խնդիրները:

Նախագահ Սարգսեան կարեւոր ու անհրաժեշտ  համարած է զոհուած օդաչուներու եւ ընդհանրապէս, Արցախեան պատերազմին զոհուածներու ընտանիքներու խնդիրներու լուծումն ու հետեւողական վերաբերմունքն այդ հարցով:

Scroll Up