Կոմիտասի 150-ամեակին Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Լոնտոնի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/05/15572320452479.jpeg)
Մայիս 4-ին Լոնտոնի Քենսինկթընի Միացեալ ռեֆորմիստական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի 150-ամեակին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, որ կազմակերպուած էր «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամին կողմէ` ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի հայոց թեմի հովանիի ներքոյ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեան, Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը, «Թէքէեան հիմնադրամ»-ի նախագահ Վարդան Ուզունեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան:
Իր խօսքին մէջ դեսպան Արման Կիրակոսեան ներկայացուց Կոմիտասի ստեղծագործական ուղին` նշելով, որ իր ճակատագրով ան կը խորհրդանշէ մեր ազգի ողբերգութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն: Ներկայացնելով Կոմիտասի դերը` որպէս հայկական դասական երաժշտութեան հիմնադիր, որուն ստեղծագործութիւններուն անդրադարձ կատարած են հայ երաժիշտներու բոլոր յետագայ սերունդները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլազգի երաժիշտներ, դեսպանն ընդգծեց, որ պատահական չէ, որ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանն ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի` Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2018-2019թթ. Օրացոյցին մէջ:
Երեկոյի ընթացքին համերգային ծրագիրով հանդէս եկաւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» երգչախումբը, որ դիրիժոր Գրիգոր Նաջարեանի գլխաւորութեամբ, կատարեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն: Առանձին կատարումներով հանդէս եկան նաեւ սոփրանօ Անայիս Հեղոյեան, ջութակահարներ Անի Բատիկեան եւ Անժէլա Նաջարեան, դաշնակահարուհի Հաօ Ձի Եօհը եւ այլ երաժիշտներ: