Կանաչ Կիրակին Օդեսայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ՄԷջ
Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգուոյս…
Վ. Թէքէեան
Մայիս 5-ին Օդեսայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հանդիսաւոր ու գեղեցիկ նշեց Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակին, որ յիշատակութիւնն է երկրի վրայ Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ հաստատման: Տօնին ուրախ առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեցին եղբայրներ ի Քրիստոս` Քիեւի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի քարտուղար Տէր Կարապետ քահանայ Ղարիբեան եւ Օդեսայի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Աբգար քահանայ Գըլըճեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին իր օրհնութիւնը բաշխեց եւ տօնին պատեհ քարոզ խօսեցաւ Տէր Կարապետը` մեկնաբանելով անոր ծագման ակունքներն ու խորհուրդը .
-Կաթողիկէ Սբ. եկեղեցին այն Վերնատունն է, ուր Վերջին ընթրիքին Յիսուս Քրիստոս հաստատեց Սբ. Պատարագի խորհուրդը, որմով միայն կրնանք հաղորդուիլ Իր հետ, ընդուիլ Իրեն մեր մէջ եւ դառնալ Սուրբ տաճար:
Տէր Հօր խօսքերէն ներշնչուած` կը մտաբերէի բանաստեղծի տողերը .
Եկեղեցին Հայկական մեծ վարագոյն մ’ է բանուած,
Որուն ետեւ, սկիհին մէջ, կ’իջնէ Ինքը՛` Աստուած,
Որուն առջեւ` ծնրադիր կու գայ իմ ազգս ամբողջ`
Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինուով կենսառողջ…
տաճարի բարձր կամարներու ներքոյ կը շարունակէր ելեւէջել քահանայի ձայնը . «Աշխարհամատրան Կիրակին կանաչ կը կոչուի` խորհրդանշելով բնութեան վերազարթօնքը, ատոր նմանութեամբ Քրիստոսի ճշմարիտ եկեղեցւոյ ծաղկումը, այսինքն` մեր հոգիներու նորոգումն ու զարթօնքը, հոգեւոր գարունը: Կանաչ գոյնը եկեղեցւոյ յաւիտենականութեան խորհուրդն ունի…
Թո՛ղ Երկնաւոր Հայրն ընդունի մեր ջերմեռանդ, երկնառաք աղօթքները եւ այս պայծառ տօնը ծաղկեցնէ մեր առաքինութիւններու ծառը, որուն պտուղներով սերունդներ պիտի ծնին ու դառնան մեր Եկեղեցւոյ հաւատաւոր որդիք»:
Հոգեւորականաց դասի սպասաւորներու կանաչազարդ հանդերձանքը կ՛ընգծէր ծիսակատարութեան գեղեցկութիւնն ու ներդաշնակութիւնը բնութեան հետ:
Յընթացս պատարագի հնչեցին հոգեւոր մեղեդիներ, հոգեզմայլ շարականներ:
Քիեւէն եւ միւս վայրերէն խումբ մը երիտասարդներ եւս մասնակցեցան այս խորհրդառատ ու գողտրիկ արարողութեան, քանզի Տէր Կարապետի առաջնորդութեամբ Օդեսա ժամանած էին Ուքրանիոյ հայ երիտասարդաց միութեան` «Եկ հիւր» («Заезжай в гости») ծրագիրի ծիրէն ներս: ՈւՀՄ-ի այս հետաքրքիր նախաձեռնութիւնը կը ներառէ հոգեւոր-մշակութային զանազան ձեռնարկներ: Ինչպէս ընդգծեց Տէր Հայրը` երիտասարդական ծրագիրի գաղափարը համահունչ է օրուան խորհուրդին, եւ բոլորովին պատահական չէ, որ այսօր միասին Օդեսայի մէջ կը գտնուին .
– Երիտասարդները մեր գարուններն են, որոնց պիտի ծաղկեցնենք, որպէսզի համայնքներուն, նոր բոյր հաղորդեն, թարմութիւն բերեն,-ըսաւ ան:
Նարինէ Մուրադեան, ք . Օդեսա