Մեսրոպեան Տառերն Ու Տիւմէնաբնակ Երեխաները

Տեսիլքից են ծնուել տառերը մեր,

Հողմերով են սնուել տառերը մեր,

Ջրդեղուել են, դարձել երկաթագիր,

Քարերին են գրուել տառերը մեր…

Երբ փորձել են ջնջել ու եղծանել,

                Կայծակին են տուել տառերը մեր…»:

Այո, հազարաւոր փոթորիկներ  անցած են Հայաստանի վրայով, բայց ո՛չ մէկ արհաւիրք չէ՛ կրցած հայու հոգիէն խլել անոր գիրը,  լեզուն,  հաւատքը: Մաշտոցի հրաշք յայտնագործութիւնը դարձաւ մեր զէնքը, մեր գոյութեան, մեր յաւերժութեան առհաւատչեան: Աւարայրի դաշտին մէջ  մեր տառերը Վարդանանց հետ կռուած են ոսոխի դէմ, ինքնութեան անջնջելի կնիքը դրած:  Աստուածատուր այդ գիրերով  հունտ ցանուած է, առատ բերք ստեղծուած: Անոնք հայու հոգիին մէջ ապրած են կենսատու արեան պէս, լուսեղեն  ուժ դարձած են անոր սրտին մէջ: Եւ լոյս աշխարհ եկող ամէն  մանկան  ու մօր շունչին միաձուլուած են նաեւ մեր գիրերու շունչն ու ոգին: Աստուածատուր այդ տառերով կը մրմնջանք աղօթքը մեր հոգիին:

« Դու` սէր առաջին, առաջին մորմոք, առաջին աղօթք,

Որ տառապանքով փոխուեցիր բառի ու դարձար լեզու,

Ու երբ «Հայրենիքէ անունը տուինք հողին այս քարօտ,

«Մայրենիէ դրինք անունը քո սուրբ»:

Իսկ այսօր, Մայր Հայաստանէն այսքան հեռու գտնուող Տիւմէն քաղաքին մէջ տօն է ու խնդութիւն: Դարերու խորքէն սկիզբ առած մեր գիրն ու տառն արմատներ  դրած են օտար հողի վրայ բնակողներուս զաւակներու հոգիներուն մէջ եւ ծլարձակուած:

Առաջին դասարանցիները սորված են հեգել «այբ-բեն-գիմ»-ն ու այբուբենի` սովորական թուացող տօնն իրենց սիրելի ուսուցչուհի Լուսինէի հետ վերածած են մեր սուրբ գիրերու երկրպագութեան մեծ ծիսակատարութեան: Մեսրոպեան հրաշագեղ  տառերով անոնք առաջին անգամ  կազմած են «մայր», «հայ», «Հայաստան», «հայր», «հայրենիք» բառերը, որոնք հայու համար սրբութիւններ համարուած են սրբութիւններ:

Դահլիճը դարձած է փոքրիկ  Հայաստան մը, ուր կը թեւածեն հայերէն տառերն ու գիրերը, երգն ու պարը, յուզիչ ասմունքը, ուր ամէն ինչ կը բուրէ հայերէն, ուր  մօր պէս կը փաթթուի մեզ, կը գգուի աներեւոյթ  զգացում մը, որ քաղցր է ու թանկ: Ատիկա… կարօ՜տն է…

Մեսրոպեան շունչով յագեցած է ողջ ձեռնարկը ու, կարծես, ամէն տառէ ու գիրէ մեզի կը նային ու կը ժպտին Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւը: Առաջին դժուարութիւնները յաղթահարած աշակերտները, կարծես, դարձած են «Այբբենարանի» ամենամտերիմ, հարազատ ընկերն ու բարեկամը: Անոնց առաջ հայոց այբուբենը լուսաւոր պատուհան  բացած է դէպի նոր աշխարհ, ուր ամէն ինչ լուսաւոր է,  գեղեցիկ ու հարազատ: Մաշտոցի վառած լոյսով  լեցուած է երեխաներու սրտերը, որ եւ առատօրէն կը բաժնեն ներկաներուս ու կը ջերմացնեն  մեր հոգիները:

Այսօր եւս մէկ անգամ համոզուեցանք, որ հայոց այբուբենը յաւերժի ճամբորդն է, իսկ այս հրաշալի երեխաները`  անոր յետնորդները:

Համոզուեցանք նաեւ, որ հայրենիքէն այսքան հեռու, այս ցուրտ աշխարհի մէջ, երբ ուսուցիչ–աշակերտ–ծնող սերտ կապը կայ, երբ այսպէս միասնական ենք, մենք կա՛նք, կը լինե՛նք ու կը բազմանա՛նք:

Ցտեսութիւ՛ն,  « Այբբենարա՛ն»  սիրելի :

Մ. Առաքէլեան

Scroll Up