Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողով 2019
Ամէն տարի, Աւագաժողովի (Senate) նախագահի հովանու ներքոյ Օթթաուայի մէջ կը կազմակերպուի Ազգային Աղօթքի Նախաճաշ, ուր Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունին տակ կը հաւաքուին հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչները։
2006 թուականէն սկսեալ՝ Ազգային Աղօթքի Նախաճաշի զուգահեռ կը կազմակերպուի նաեւ Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողովը (նախապէս ճանչցուած որպէս Ազգային Ուսանողներու Ատեան), ուր երիտասարդներուն համար կը ստեղծուի՝ Գանատայի Խորհրդարանի շրջանակներէն ներս ծառայող անձերու հետ հանդիպելու հնարաւորութիւն։
Ժողովը կլոր սեղանի շուրջ կը ստեղծէ՝ դպրոցներու, եկեղեցիներու, քաղաքականներու կամ հանրային ոլորտի մէջ հաւատքը զօրացնելու նշանակութեան իմաստը բացայայտել աջակցող քննարկումներուն մասնակցելու առիթ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ՝ 2018 թուականը հռչակուեցաւ«Երիտասարդներու Տարի»։
Ուստի, 2018-էն ի վեր Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը իր օրհնութիւնը կը բերէ Գագաթաժողովին մասնակցող երիտասարդներուն տարրական աջակցութիւնը ապահովելու։
Այս տարի՝ Փաթիլ Իմաստունեանը, Անի Մարգարեանը եւ Տեսիլ Թաշճեանը մասնակցեցան Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարադական Գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 1-3 Մայիս 2019-ին:
Անոնց մասնակցութիւնը իրականացաւ ի շնորհ Տիար Լեւոն Աֆէեանի եւ Տիար Օհան Օհաննիսեանի առատաձիր աջակցութեանը:
Գագաթաժողովի երեք օրերուն Փաթիլին, Անիին եւ Տեսիլին առիթ ընծայուեցաւ ոչ միայն ժողովին մասնակցելու, այլեւ Առաջնորդներու Ընթրիքին (Leadership Dinner) ինչպէս եւ Ազգային Աղօթքի Նախաճաշին (National Prayer Breakfast):
Ապագային, Գանատահայոց Թեմը պիտի շարունակէ սատարել երիտասարդներուն, որ մասնակցին Խորհրդարանի երիտասարդական այս կարեւոր ծրագիրին: