Ասորական Կազմակերպութիւնները Թուրքիոյ Կոչ Ըրած Են` Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնները

Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ 1915-ին տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ կազմակերպուած համաժողովի ընթացքին ասորական կազմակերպութիւնները եւ գիտնականները Թուրքիայէն պահանջած են ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու նկատմամբ կատարուած ցեղասպանութիւնները. Կը հաղորդէ evrensel.net կայքը:

Համաժողովին մասնակցած են ինչպէս ասորի քաղաքական-հասարակական գործիչներ, ցեղասպանութենէն փրկուածներ եւ փրկուածներու ժառանգներ, այնպէս ալ շուէտցի քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ:

Իր ելոյթին մէջ պատմաբան Դէվիտ Կաանթ նշած է, որ պատմաբաններու մեծամասնութիւնը միակարծիք է 1915-ի տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ:

Շուէտի խորհրդարանի հայ նախկին պատգամաւոր Մուրատ Արթին իր հերթին տեսակէտ յայտնած է, որ եթէ Թուրքիա առերեսուի սեփական պատմութեան հետ, աւելի շատ կը շահի:

Scroll Up