Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Յիշատակում Պաղտատի ՄԷջ
Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած, Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2019-ին, Պաղտատի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սբ․ եւ Անմահ Պատարագ, թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․Ասատուրեանի հանդիսապետութեամբ։ Օրուան պատարագիչն էր Հոգեշնորհ Տ․ Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեան: Պատարագի աւարտին «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ » խորագիրը կրող յայտագիր մը ներկայացուեցաւ :
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պաղտատի Ազգային վարժարանի աշակերտները ասմունքելով Չարենցի «Կոմիտասի Յիշատակին»-ը, Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմի անդամները՝ երգելով Ռ. Ամիրխանեանի «Երազի իմ երկիր հայրենի»ն, արաբերէն լեզուով ուղերձ Հայոց ցեղասպանութեան մասին կարդաց՝ Ռաիտ Պըշչքըլեան, «Ջուղայի Գաղթից» ասմունքեց Յասմիկ Դեղարարեան, «Ապրիլ» Անիթա Եղիազարեան, «Մենք ձեզ հող չենք տա» Սիլվա Սարգիսեան:
«Երկու հայեր» Խրիմեան Հայրիկի կեանքէն դրուագ մը, արձակ՝ Գայեանէ Սահակեան, Ստեփան Յարութիւնեան երգեց «Հայաստան երկիր դրախտավայր»: Արամ Քէթէնճեան մասնակցեցաւ իր «Արդար պահանջ»-ով բանաստեղծութեամբ: «Զուարթնոց » դպրաց դասը յայտագիրին մաս կազմեց հետեւեալ երգերով՝ «Լռեց:Ամպերը եկան…», «Վաղուց թէեւ», «Ես սիրում եմ քեզ Երեւան», «Բամ փորոտան», Ել,ել, ել» եւ «Տէր Զօր»։
Աւարտին Սրբազան Հայրը իր պատգամը հաղորդեց ներկաներուն: Պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ, «Ահաւասիկ ի մի կու գանք ամէն տարի այսպիսի օր մը, 1920 թուականէն ի վեր որպէսզի Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ եւ աղօթքներով յիշենք մեր սրբադասուած նահատակները “որք կատարեցան յընթացս Հայոց Ցեղասպանութեան վասն հաւատոյ եւ վասն Հայրենեաց”:
Այսպիսի օր մը պարտինք հաւաքուիլ որպէսզի մենք ալ հոգետոչոր կերպով դարձեալ յիշենք զանգուածային այն ոճիրը, որուն մեր նախնիք ենթարկուեցան Օսմանեան սպանդանոցներէն անցնելով, եղելութիւն մը զոր հիմնապէս փոխեց դիմագիծը հայկական իրավիճակին՝ 1915 թուականով սկսած Հայոց նորագոյն ժամանակներու պատմութեան, տեղահանելով մեր ժողովուրդը իր պապենական հողերէն, սփիւռքացնելով զանոնք՝ մղելով շատերուն դէպի ապազգայնացում եւ սպիտակ ջարդի արհաւալից ուղին:
Դեռ աւելին: Մէկտեղուած ենք այստեղ որպէսզի չուծանանք մեր լինելութենէն, որպէսզի չպարպուինք մեր անցեալէն ինչքան ալ ողբերգական ըլլայ ան, որպէսզի չդատարկուինք մեր ինքնութենէն ինչքան ալ եղերական ըլլայ ան, չմոռնանք գոհապարգեւ պատարագումը մեր նահատակներուն, որպէսզի կապը մեր նախնեաց հետ մնայ ամուր եւ անքակտելի, որպէսզի Հայոց Պատմութեան այս դժբախտ էջը չվերածուի լոկ գիրի, գիրքի, ազգային երգերու եւ սգահանդէսներու այլ դառնայ զգացում եւ ապրում, դառնայ մարտահրաւէր առաւել հայացման:…»
Այնուհետեւ Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ թափօրը դուրս եկաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կանգնեցուած Հայոց ցեղասպանութեան Խաչքար-յուշակոթող, ուղեկցութեամբ «Այսօր Յարեաւ» շարականով Զուարթնոց դպրաց դասի կատարմամբ: Ներկաները յուշակոթողին մօտ ծաղիկներ խոնարհեցին մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին:
Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ դեսպան Պր․ Հրաչեայ Փոլատեան, կեդրոնական վարչութեան անդամները, Ռեճինէ աւանդապահութեան եւ Պաղտատի միութեանց վարչական անդամները, սկաուտական շարքեր եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։