ՀՀ Վարչապետի Մամլոյ Քարտուղարը Հանդիպած Է Վիրահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներու Հետ

Մայիս 3-4 ՀՀ վարչապետի մամլոյ քարտուղար Վլատիմիր Կարապետեան Վրաստանի իր պաշտօնակիցի հրաւէրով Թիֆլիս կ՛այցելէր:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութենէն, մայիս 3-ին Վլատիմիր Կարապետեան Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի ուղեկցութեամբ հանդիպում  ունեցած է Վրաստանի ԱԳՆ Հարեւան երկիրներու եւ տարածաշրջաններու վարչութեան պետ Մալխազ Միքելաձէի եւ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Վլատիմեր Կոնստանտինիդիի հետ:

Հանդիպման Վլատիմիր Կարապետեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութենէն յետոյ ծաւալուող գործընթացները, արտաքին քաղաքական գերակայութիւնները եւ երկրին մէջ տեղի ունեցող արմատական բարեփոխումներու ընթացքը:

Վլատիմիր Կարապետեան վերահաստատած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն դիրքորոշումը, որ Վրաստանի հետ եղբայրական յարաբերութիւնները առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնեն ՀՀ արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ եւ Հայաստանը մտադիր է խորացնելու փոխշահաւէտ գործակցութիւնը Վրաստանի հետ:

Մայիս 4-ին Վլատիմիր Կարապետեան հանդիպած է Վրաստանի վարչապետի աշխատակազմի մամուլի գրասենեակի ղեկավար Մայա Տաբագարիի հետ:

Հանդիպման զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներու պետական գերատեսչութիւններու մամլոյ ծառայութիւններու միջեւ համագործակցութեան վերաբերեալ  շարք մը հարցեր: Մասնաւորապէս, զրուցակիցներն անդրադարձած են ՀՀ եւ Վրաստանի վարչապետներու աշխատակազմերու լրատուական ծառայութիւններու փոխգործակցութեան, հայ-վրացական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս  տեղի ունեցող ձեռնարկներու լուսաբանման առնչուող հարցերու: Կողմերը պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերած են պարբերական դարձնել այս ձեւաչափով հանդիպումները, որոնք կը նպաստեն լրատուութեան ոլորտին մէջ փորձի փոխանակման ու կապերու ամրապնդման:

Այնուհետեւ Վլատիմիր Կարապետեան հանդիպում ունեցած է Վրաստանի առաջատար լրատուամիջոցներու խմբագիրներու եւ փորձագէտներու հետ: ՀՀ վարչապետի մամլոյ քարտուղարը մանրամասն ներկայացուցած է ՀՀ-ի մէջ ընթացող բարեփոխումներու ընթացքը, անդրադարձած  հայ-վրացական փոխյարաբերութիւններուն, յատուկ շեշտադրումներ ըրած ՀՀ վարչապետի` այս հարցերուն առաջնայնութիւններուն վրայ եւ պատասխանած ներկաները յուզող բոլոր հարցերուն:

Թիֆլիս կատարած այցի աւարտին Վլատիմիր Կարապետեան «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտական, մշակութային կեդրոնին մէջ հանդիպում  ունեցած է վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Մամլոյ քարտուղարը ՀՀ-ի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան նախապայմաններուն ու  յաջորդած իրադարձութիւններուն մասին խօսելէ յետոյ, լսած է վիրահայերը յուզող մտահոգութիւններն ու առաջարկութիւնները, խոստացած ատոնք բարձրացնել ՀՀ պատկան մարմիններու մօտ:

Scroll Up