Հայոց Եռագոյնը Կը Ծածանի Ֆրեզնոյի Քաղաքապետական Շէնքի Ճակատին

ԱՐԱ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

«Ասպարէզ»- Տասնհինգ տարիներ առաջ՝ 24 Ապրիլ 2005ին, Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբը գեղեցիկ գաղափար մը գործնականի վերածելով՝ յաջողեցաւ հայոց պետական դրօշակը բարձրացնել Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ:

Այսօր, ՀՅԴ Ֆրեզնոյի Հայ Դատի յանձնախումբը յաջող կերպով կը շարունակէ Ֆրեզնօ քաղաքին հետ իր բարեկամական կապերը:

24 Ապրիլ 2019ին հաւաքուած էինք Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ: Յանձնախումբին անունով Սեւակ Թաթէոսեան ներկայացուց հանդիսավարը՝ Ֆաուլըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Քազարեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն, որոնք այս տաք եղանակին, համբերատար՝ կը հետեւէին յայտագիրին: Հանդիսավարը յիշեց Ֆրանսիս պապը, որ ան չորս տարիներ առաջ վերջապէս «Ցեղասպանութիւն» բառով յիշեց հայոց դէմ գործադրուած ոճիրը: Ան յիշեց նաեւ Հարնդ Տինքը եւ ըսաւ, որ նման սպանութիւն չի կռնար լռեցնել մեզ՝ աւելցնելով. «Ցեղասպանութեան Ցեղասպանութիւն կ՛ըսեն»: Ապա ան ներկայացուց պետական ներայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանը:0504fresno3

Վերապատուելի Կրեկ Յարութիւնեան ժողովուրդը մասնակից դարձուց «Տէրունական» աղօթքին:

Հանդիսավարը հրաւիրեց Հայկօ Օհաննէսեանը, որ իր գեղեցիկ ձայնով երգեց Ամերիկեան քայլերգը, մինչ զինուորական կարգը բարձրացուց ամերիկեան դրօշակը: Ապա Աստղիկ Օհաննէսեան երգեց Հայաստանի քայլերգը եւ ՀՄԸՄի սկաուտները  բարձրացուցին Հայոց դրօշակը քաղաքապետ Լի Պրենտի մասնակցութեամբ: Ան խօսք առնելով՝ յիշեց Ցեղասպանութեան զոհերը եւ ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը երբեք չէ ժխտուած, մենք հայերու կողքին ենք»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի բոլոր հայերուն իրենց շնորհած վերելքին համար եւ արտասանեց Ուիլեըմ Սարոյեանի նշանաւոր խօսքը. «Կ՛ուզեմ տեսնել ուժ մը աշխհարհի մէջ, որ կարենայ բնաջնջել այս ցեղը…»:

Ֆրեզնոյի Համագաղութային հայ վարժարանի աշակերտները յաջորդաբար երգեցին «Սուրբի աչքեր» եւ «Արիւնոտ դրօշ» երգերը:

Ծերակուտական Ճիմ Քոսթա բարձրացաւ բեմ եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սպանութիւնները, որոնք քստմնելի էին, կատարուեցան Օսմանական կայսրութեան կողմէ եւ առաջին Ցեղասպանութիւնը ըլլալով՝ երբեք պիտի չմոռցուին: Ան նշեց այն փաստը, թէ վէրքը չբուժուեցաւ եւ այսօր ալ նման վայրագութիւններ կը պատահին, ինչպիսին էին հայ վարժարաններուն դէմ գործադրուած արարքները Լոս Անճելըսի մէջ: Ան յիշեց նաեւ այն փաստը, որ թէ՛ Եւորպան եւ թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ընդունած են բանաձեւեր Ցեղասպանութեան մասին, բայց Ամերիկայի Ծերակոյտը տակաւին չէ վաւերացուցած նման բանաձեւ: Ան նշեց, թէ աշխատանքները կը շարունակուին այս ուղութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին քաղաքակրթութեան բերած իրենց նպաստին համար:

Հայրենի երգիչ Միսակ Իսրայէլեան երգեց «Կիլիկիա» երգը: Ապա ծերակուտական Քաքս, խօսք առնելով՝ յույս յայտնեց, թէ ի վերջոյ Ծերակույտը պիտի վաւերացնէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը եւ հրաւիրեց երիտասարդները մայրաքաղաքին մէջ աշխատելու ի նպաստ այս բանաձեւին:

Հանդիսավար Գառնիկ Քազարեան հրաւիրեց ուսուցչական եւ ուսումնական կեանքին մէջ մեծ ներդրում բերած Ալիս Պետրոսեանը: Ան ներկայիս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի կրթական յանձնախումբի նախագահն է: Ուսումնական մարզին մէջ փորձառու այս հայուհին ցասումով պատմեց կեանքին մասին իր որբացած մեծ հօր եւ մեծ մօր, որոնք Վանէն հրաշքով վերապրած էին: Խիզախ այս հայուհին իր ձայնը շեշտակի եւ հաստատակամ կերպով բարձրացուց անարդարութեան դէմ: «Թուրքիան ձախողած է. հոս, հիմա, Ֆրեզնոյի մէջ կը յիշատակենք դէպքերը եւ կը հաստատենք ԱՅԼԵՒՍ ԵՐԲԵ՛Ք: Այսօր Թուրքիան ատելութեամբ լեցուած է բոլոր քրիստոնեաներուն եւ փոքրամասնութիւններուն դէմ, ինչպէս որ էր անիկա 1915ին։ Մեր պատմական յիշատակները կը ոչնչացուին եւ դեռ մեզի կ՛ըսեն ներել եւ մոռնալ…: Հաւատք ունիմ, որ Ամերիկան պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ կ՛աղօթեմ, որ այդ պատահի իմ կեանքին ընթացին», ըսաւ Պետրոսեան:

Ապա ան յիշեցուց, թէ շնորհիւ Հայ Դատի յարատեւ աշխատանքներուն՝ այսօր կարելի է Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը ուսուցանել հանրային դպրոցներուն մէջ. այս ուղղութեամբ աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին:

Հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն, որոնք Հայ Դատի յանձնախումբին աջակցած էին Ցեղասպանութեան յիշատակումը յաջողցնելու գործին:

Հայոց դրօշը հանդարտօրէն կը ծածանի պետական հողին վրայ, որուն քայլերգին բառերը կ՛ըսեն. «Թող փողփողի թշնամու դԷմ, թող միշտ պանծայ Հայաստան». պատգամ մը, զոր կարելի է իրականացնել սեփական հողին վրայ:

Scroll Up