Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան Նուիրուած Համագաղութային Քննարկում Կլենտէյլի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 26 Ապրիլի երեկոյեան, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պահանջատիրութեան նուիրուած համագաղութային քննարկում մը՝ «Պահանջներ, հատուցում եւ արդարութիւն» ընդհանուր խորագիրին տակ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Քննարկումին մասնակցեցան Ռումանիոյ խորհրդարանի անդամ եւ միջազգային դիւանագիտութեան մասնագէտ Վարուժան Ոսկանեան, միջազգային իրաւագիտական հարցերու մասնագէտ, իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան եւ հանրային քաղաքականութեան եւ կառավարման հարցերու մասնագէտ փրոֆ. Ֆրենք Վռամ Ծերունեան՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն: Համադրողն էր՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճեսլըի մասնաճիւղին մէջ պատմաբանութեան ճիւղի դոկտորական թեկնածու Դանիէլ Օհանեան։

0504Ripsime Biyazian

Հռիփսիմէ Պիրազեան

Համացանցի միջոցաւ աշխարհի տարածքին ուղղակի սփռուող ձեռնարկին բացումը կազմակեպիչ մարմինին անունով կատարեց Հռիփսիմէ Պիրազեան, որ բեմ հրաւիրեց Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, իր ողջոյնի խօսքը ուղղելու ներկաներուն: Ապա, «կլոր սեղան»ը վարեց մտաւորական Դանիէլ Օհանեան։ Ան ներկայացուց երեք զեկուցողները, որմէ ետք ռումանահայ Վարուժան Ոսկանեան, որ նաեւ հեղինակն է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Շշուկներու Մատեան» հատորին՝ խօսեցաւ գլխաւորաբար Ցեղապսնութեան զոհերուն վնասուց հատուցման անհատական կամ համայնքային (եկեղեցի, դպրոց, մշակութային կեդրոններ) դիմումներու տարբերութեանց մասին՝ աւելցնելով, որ պահանջատիրութեան պայքարը աւելի ազդու դարձնելու համար կենսական է համահայկական մարմին մը գոյացնելը։

Ոսկանեանի խօսքին շարունակութիւնը հանդիսացաւ Շիքակոյի եւ Անգլիոյ Քեմպրիճ համալսարաններէն վկայեալ իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեանի բանախօսութիւնը, որ Երեւանէն իր խօսքը ուղղեց համացանցային ուղիղ կապի միջոցով: Ապա Իսրայէլի հաստատումին ի նպաստ հրէական պայքարին օրինակը բերելով, ան խօսեցաւ ծրագրուած եւ հետեւողական աշխատանքին կարեւորութեան մասին։ Քերքոնեան անդրադարձաւ նաեւ այսօրուան Թուրքիոյ եւ վնասուց հատուցման ծալքերուն։

0504Bishop Mikael Mouradian

Միքայէլ եպս. Մուրատեան

Երրորդ եւ վերջին բանախօսը՝ հանրային կառավարման մարզի մասնագէտ Ֆրենք Վռամ Ծերունեան ծնած է Պոլիս եւ ներկայիս կը դասախօսէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։ Ծերունեան խօսեցաւ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ մեր կորսնցուցած մշակութային ժառանգութեան եւ անոնց վերատիրանալու պայքարին մասին՝ յիշելով, որ հայերու վրայ ճնշումները կը շարունակուին Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ, իբրեւ օրինակ նշելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան Անգարայի միջամտութիւնները։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ արդարադատութեան համակարգը սկսած է հետզհետէ կորսնցնելու իր անկախութիւնը՝ դառնալով գործադիր իշխանութեան ձեռքին գործիք մը, որմէ արդարութիւն դժուար է ակնկալել։ Սակայն, Ծերունեան կարեւոր համարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի բացած դատը Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով Սիսի կաթողիկոսութեան մեր իրաւունքները:

Իւրաքանչիւր խօսող նաեւ շեշտեց հայապահպանման եւ միացեալ ջանքերու յոյժ կարեւորութիւնը՝ հայութեան պահանջատիրութեան պայքարին մէջ։

Ելոյթներէն ետք, համադրող Դանիէլ Օհանեան առիթ տուաւ ներկաներուն, որ ուղղեն իրենց հարցումները:

0504Karnig Kerkonian

Գառնիկ Քերքոնեան

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինի համաատենապետ Յարութ Մանուկեան դրուատեց յաջողութիւնը ձեռնակին, որ կրցաւ բարձրագոյն մակարդակի քննարկում մը ներկայացնել համայնքին։

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Դաւիթ Սամուէլեանի կողմէ երգերու մեկնաբանութեամբ, ընկերակցութեամբ Արամ Լեփեճեանի:

Հայկական միացեալ մարմինը առաւել քան 40 ազգային, հասարակական, եկեղեցական եւ քաղաքական միաւորներու համախմբում է, որ ամէն տարի կը կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներ:

0504Frank Zerunyan

Ֆրենք Վռամ Ծերունեան

Scroll Up