Սիրոյ Այբուբեն. Մանրանկարչական Ցուցահանդէս-Վաճառք

28 ապրիլ 2019-ին, բացումը կատարուեցաւ «Հայկական մանրանակարչութեան կեդրոն» (ՀՄԿ) հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած «Սիրոյ այբուբեն» բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը, «Փիւնիկ» հիմնադրամի (հասցէ` Բուզանդի 3, Վերնիսաժի հարեւանութեամբ` Գ. Նժդեհի արձանի յարակից տարածք) ցուցասրահին մէջ:
«Սիրոյ այբուբեն» ցուցահանդէսին ներկայացուած են ՀՄԿ հիմնադրամի մասնագէտներու եւ հրաւիրուած հայ հեղինակներու կողմէ ստեղծուած մանրանկարները, կիրառական արուեստի նմուշները: Ցուցահանդէսին առանձին բաժինով ներկայացուած են հայ երեխաներու մանրանկարչական աշխատանքները:
Ցուցահանդէսին ընթացքին այցելուները կրնան կատարել գնումներ, որմէ ձեւաւորուած հասոյթէն սոցիալական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի «Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն եւ զինուորական հաշմանդամներուն» ՀԿ-ին:
«Սիրոյ այբուբեն» ցուցահանդէսի գործընկերներն են Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը, «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամը, «Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն եւ զինուորական հաշմանդամներուն» եւ«Հայ կամաւորներու դրամատուն» հասրակական կազմակերպութիւնները:
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ տաս օր:
Մուտքն ազատ է:
Ձեր առաջարկութիւններով կրնաք դիմել եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալ` զանգահարելով հետեւեալ հեռախօսահամարներուն`, 093-83-43-82, 091-42-81-60: