Հ.Մ.Ը.Մ. Եգիպտոսի Գահիրէի Մասնաճիւղի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան 104–րդ Ամեակը

Ուրբաթ 26 Արպրիլ 2019-ին, Հելիոպոլսոյ Յուսաբեր ակումբի Լ․եւ Ս․ Գարագաշեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ ամեակին նուիրուած մոմավառութիւն եւ գեղարուեստական երեկոյ, կազմակերպութեամբ Գահիրէի Հ․Մ․Ը․Մ․ Արարատի սկաուտական խորհուրդին, մասնակցութեամբ մասնաճիւղիս սկաուտներուն։

Ներկայ էին Եգիպտոսի Հայոց Թէմի Առաջնորդ Տ. Աշոտ Եպս․ Մնացականեան, Հայր Դերենիկ Աբղ. Սահակեան, Տ. Յակոբ Քհնյ․ Յակոբեան եւ երիցուհին, Գահիրէի Թեմական ժողովի ատենապետ՝ տիար Նուպար Սիմոնեան, շրջանակիս եւ միութեանս երկարամեայ նուիրեալներէն եւ վաստակաւոր դէմքերէն եղբ․ Սուրէն եւ քոյր Սօնիա Պայրամեաններ, քոյր Շաքէ Յովակիմեան եւ եղբ․ Պերճ Հալաճեան, Գահիրէի Հ․Մ․Ը․Մ․ Արարատի ատենապետ՝ եղբ․ Լեւոն Դելփեան եւ ազնուափայլ տիկինը, Հ.Յ.Դ. Եգիպտոսի շրջանի եւ Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ՝ ընկ․ Արմէն Մազլումեան, Գաղութիս «Արաքս» երգչախումբի ղեկավար, Մաեսթրօ Միհրան Ղազէլեան եւ ազնուափայլ տիկինը, յարակից մարմիններու ատենապետներ եւ անդամներ, սկաուտներու ծնողներ եւ հայորդիներ։

Հայոց Մեծ Եղեռնին նուիրուած յատուկ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ որուն յաջորդեց բացման խօսքը՝ ընդմէջէն ներկաներէն խնդրուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը։ Մասնաճիւղիս սկաուտները ներկայացուցին յատուկ յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր բանաստեղծական քերթուածներու կատարումներ, ազգային-յեղափոխական երգերու երգեցողութիւն եւ ազատագրական պայքարի ճամբուն ինկած անմահ հերոսներու նկարներու ներկայացում պաստառի վրայ, ու իրենց նուիրական կեանքի եւ Նեմեսիս գործողութեան մասին ընթերցում։

Ծիծեռնակաբերդի նկարով յարդարուած բեմէն հնչեցին Դրոյին, Սերոբի ու Սօսէին նուիրուած երգերը, ինչպէս նաեւ Աղբերս ու Ես, Արդեօք Ովքեր Են եւ Գինի Լից։ Դանիէլ Վարուժանի «Առկայծ Ճրագ»ն ու «Դերենիկ»ը ինչպէս նաեւ Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պար»ն ու Ժագ Յակոբեանի «Յաղթութիւն» բանաստեղծութիւններու կատարումները ոգեշնչեցին ներկաները։

Յատկապէս գայլիկ-արծուիկներու կատարումները աւելի ոգեւորեց ներկաները, իսկ մոկլիներու թէ խմբային եւ թէ անհատական յամարձակ կատարումները նոր շունջ տուաւ բոլորին, ուղերձ տալով թէ պայքարն ու պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուին որքան ժամանակ որ Հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ ու հայապահպանման ջահը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ ։ Յատուկ գնահատանք Կրէթային, Արենիին եւ Արամին որ իրենց անմեղունակ շրթներով կատարեցին «Արազի Ափին» երգը։

Գահիրէի Հ․Մ․Ը․Մ․ Արարատի սկաուտներն իրենց խմբապետներուն ուղեկցութեամբ մասնակցեցան նաեւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին նուիրուած մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն, որ տեղի ունեցաւ Գահիրէի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, ուր անոնք տողանցեցին։

20-րդ դարու առաջին տասը տարիներուն, Պոլսոյ եւ շրջակայքին մէջ կը գործեն բազմատասնեակ մարզական ակումբներ, շարժումներ եւ դպրոցներ, որոնց ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը դէպի մարզանքը՝ յաջորդող տարիներուն իր բարոյական ուժը կը ստանայ:

Եղեռնի ցաւէն ու տառապանքէն կը ծնի մանուկ մը: Զայն կը մկրտեն ջարդին արիւնով եւ կը կոչեն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.: Իսկ անոր պարտականութիւն կու տան ծառայել հայ ժողովուրդին:

Այդ սերունդի փայլուն ներկայացուցիչները կը հանդիսանան Շաւարշ Քրիսեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան, Վահան Չերազ եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Հ.Մ.Ը.Մ. կը հիմնուի Նոյեմբեր 1918-ին, մարմնակրթական եւ բարոյական դաստիարակութեամբ Եղեռնի խլեակներէն առողջ ու ամուր նկարագիրով ապագայ հայ մարդը պատրաստելու նպատակով:

Նեղոսի ափին, Շաւարշ Քրիսեանի քաջալերանքով, 1912-ի ամրան, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիոյ քաղաքին մէջ կը հիմնուի «Կամք» մարզական ակումբը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի կազմութենէն ետք, իբրեւ մեկուսի շրջան մաս կը կազմէ միութեան: 1914-ին Գահիրէի մէջ կը հիմնուի «Արարատ Մարմնամարզական Ակումբ»ը, ներկայիս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ը:

Նորա Գոլոյեան-Քէօհնէլեան

Գահիրէ, Եգիպտոս

Scroll Up