Արցախի Նախագահը Տիգրան Մանսուրեանը Պարգեւատրած է «Երախտագիտութիւն» Մետալով

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 3-ին հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի հետ:

80-ամեայ յոբելեանի առիթով Բակօ Սահակեան անուանի երաժիշտին յանձնեց «Երախտագիտութիւն» մետալ` կարեւոր համարելով անոր աւանդը Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման համար:

Ինչպէս կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, քննարկուած են Արցախի մշակոյթի ոլորտին առնչուող  շարք մը հարցեր:

Հանդիպման կը մասնակցէին ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Վիրաբեան:

Scroll Up