Մայր Աթոռը Լոյս ընծայեց «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու Պատմութեան» Ժողովածուի Երկրորդ Հատորը

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը Մայր Աթոռի Արխիւի նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայած է «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան» ժողովածուի երկրորդ հատորը: Այս մասին կը հաղորդեն Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն:
Այստեղ ներկայացուած են 302 բազմաբնոյթ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին, Մայր Աթոռի թանգարանին, «Արարատ» ամսագիրին, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Գէորգ Դ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կրօնաեկեղեցական գործունէութեան:
Հատորին մէջ ներառուած փաստաթուղթերը կը թուագրուին 1866-1923 թթ. եւ բաղկացած են հետեւեալ բաժիններէն` «Փաստաթուղթեր», «Կենսագրական բառարան», «Անձնանուններու ցանկ», «Տեղանուններու ցանկ», «Փաստաթուղթերու ցանկ»:
Ժողովածուն կազմած է Գոհար Աւագեան` ՀՀ Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի խմբագրութեամբ: Հատորի կազմման աշխատանքներուն աջակցած է նաեւ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը:
Գիրքը հրատարակուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ: