Բակօ Սահակեան Ընդունած է ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Ապրիլ 30-ին, ընդունած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան պատուիրակութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սահակեան պահանջուած համարած է ՀՄԸՄ-ի հետ համագործակցութիւնը՝ բարձր գնահատելով կազմակերպութեան գործունէութիւնը հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, մարմնակրթութեան եւ մարմնամարզանքի զարգացման ուղղութեամբ:
Հանդիպման մասնակցած են ԱՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: