Վարշաւայի ՄԷջ Կայացած Է Արամ Խաչատրեանի Անուան Եռեակին Համերգը
Ապրիլ 29-ին Վարշաւայի «Լաժենկի պուրակի թագաւորական պալատի թատրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-լեհական դարաւոր բարեկամութեան եւ Լեհաստանի պետականութեան վերականգնման հարիւրամեակին նուիրուած «Արամ Խաչատրեանի անուան եռեակ»-ի համերգը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանիի ներքոյ` «Լեհ-հայկական հիմնադրամի», «Անկախութիւն» ծրագիրներոը գրասենեակի, «Լաժենկի թագաւորական պալատի թանգարանի եւ «Մշակութային աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամի» կողմէ կազմակերպուած համերգին ներկայ էին Լեհաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, տեղական իշխանութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ողջունելով ներկաները, համերգի բացման իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկու երկիրներու ժողովուրդներու պատմական անցեալին եւ ձեւաւորուած բարեկամութեան, Լեհաստանի մէջ հայերու վաղեմի ներկայութեան եւ երկրի պետական անկախութեան վերականգնման գործընթացին ունեցած աջակցութեան ու աւանդին: Ան հակիրճ ներկայացուց Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը, անոր երաժշտարուեստի առանձնայատկութիւնները` միջազգային, սակայն բովանդակութեամբ խորապէս ազգային:
Բարձր գնահատանքի եւ բուռն ծափահարութիւններու արժանացած համերգին հնչեցին Արամ Խաչատրեանի, Ալեքսէյ Շորի, Ֆելիքս Մենդելսոնի եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններէն հատուածներ` Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն, Խաչատրեան եռեակի դաշնակահարուհի Արմինէ Գրիգորեանի, ջութակահար Կարէն Շահգելդեանի եւ թաւջութակահար Կարէն Քոչարեանի կատարմամբ:
Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ «Լեհ-հայկական հիմնադրամի» նախագահ Արսէն Յովսէփեանի կողմէ շնորհակալագիրներ յանձնուեցան ձեռնարկի կազմակերպիչներուն: