Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Գիտաժողով Եկատէրինպուրկի ՄԷջ

Ապրիլ 28-ին ՌԴ Եկատէրինպուրկ քաղաքի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին մէջ ուսուցիչներու, ծնողներու, հիւրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած գիտաժողով` դպրոցի տնօրէն Արմէն Բաղդասարեանի գլխաւորութեամբ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, Արմէն Բաղդասարեան համակողմանի ու ընդգրկուն ներկայացուց հայ ժողովուրդը վերացնելու Օսմանեան Թուրքիոյ ծրագրած ու համակարգած քաղաքականութիւնը, 19-րդ դարու վերջը արեւմտահայերու տնտեսական եւ ընկերային դրութիւնը, Հայկական հարցի միջազգայնացումը, հայ ազգային կուսակցութիւնները, արեւմտահայերու ցեղասպանութեան ծրագիրի իրագործման սկիզբը, Երիտթուրքերու յեղաշրջումը, Հայոց ցեղասպանութիւնն ու միջազգային հանրութեան արձագանքը:
Անահիտ Կարապետեան ներկայացուց «Նեմեսիս» ծրագիրը, խօսեցաւ արդիւնքներու եւ այն մասին, որ ողջ հայութիւնը կը շարունակէ պայքարիլ ո՛չ միայն ճանաչման, այլեւ արժանի հատուցման, պահանջատիրոջ դիրքէ ամբողջական հայրենիքի վերականգնման արդար նպատակին համար:
Նաիրա Թորոսեան անդրադարձաւ եղեռնազոհ գրողներուն, անոնց կենսագրութեան յիշարժան տուեալներուն, խօսեցաւ «Եղեռնազոհ գրողներ» մեկնակէտի արժէք ունեցող գիրքին մասին` վերարժեւորելու հանճարեղ ու հերոս գրողները, հաստատելու պատգամը` կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ, որ սոսկ պատգամ չէ, այլ մեր յաղթանակներու ու պարտութիւններու, բռնի տարագրութեան, մեր կիսատ ձգած իղձերու 104-ամեայ խտացումն է, որ հաստատեց Եկատէրինպուրկի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցի տնօրէն Ա. Բաղդասարեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած գիտաժողովը:
Իսկ ներկաներու երկար լռութիւնը յիշեցումն էր այն աննահանջ հաւատքին մասին, որ հողը մեզ կը սպասէ` իրեն յիշող ու պահանջատէր տիրոջը: