Գարեգին Նժդեհին Նուիրուած Երեկոյ Տիւմէնի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/05/tyumen1.jpg)
«Ես կը հաւատամ հայ հոգիի մեծութեան, եւ հաւատքս վիպական չէ : Ատիկա արդիւնք է հարուստ կենսափորձի: Հայ մարդուն տեսած ու ճանչցած եմ մարտերու մէջ, տեսած ու վայելած գեղեցկութիւնը անոր արիական խոյանքներու: Հայը միշտ ալ սխրագործ է, երբ անոր առաջնորդները կը յաջողին հաւաքական սիրտ ստեղծել»:
Գարեգին Նժդեհ
Հիմա` տասնամեակներու հեռաւորութենէն, երբ կը փորձես հասկնալ ժամանակի շունչն ու «կռիւները», տեսակ մը սարդոստայնի մէջ կը յայտնուիմ: Այնքան շատ են հարցերն ու օդին մէջ մնացած պատասխանները, որ երբեմն կ՛ուզես փակել ականջներդ` խլացնելու համար քու իսկ ձայնդ, լռութեան ձայնը: Բայց միթէ՞ ատիկա ճիշդ է: Միթէ՞ ժամանակին ալ այդպէս չեն վարուած շատ-շատերը, որոնք կրնային ազատ ըլլալ, կրնային դուրս գալ ստրուկի հոգեբանութեան-շապիկէն` գոնէ մէկ արդար գործ ընելու համար, գոնէ մէկ յոյժ կարեւոր կեանք փրկելու համար, գոնէ մէկ օր սեփական ժողովուրդի վաղուան օրուան մասին մտածելու եւ ոչ թէ սեփական կաշին փրկելու համար:
Կան հարցեր, որոնց պատասխանը երբեք ալ չի կրնար գոհացնել այսօրուան մարդուն, որ, փառք Աստուծոյ, ազատուած է գաղափարական շղթաներէն: Կան վէրքեր, որոնք երբեք ալ չեն սպիանար, քանի որ վէրքերը յաճախ ինքնաբորբոքման հակում ունին, առաւել եւս, երբ սպեղանին ժամկէտանց է:
Երբեք չեմ կրնար հասկնալ ու ընկալել մարդու այն տեսակը, որ վստահ է, որ վաղը գլուխը պիտի կախէ ո՛չ միայն մարդոց, այլեւ պատմութեան առջեւ: Եւ արդեօ՞ք արժէ ժամանակաւոր դիրքի համար փորձել տեղաշարժել ժայռը․․․ Ժայռ, որ իր տեղը կը մնայ` անկախ իր գլխուն նստած սեւ ու մութ ամպերու խտութենէն եւ փոթորիկներու ուժգնութենէն:
Երբեք չեմ կրնար հասկնալ` ինչպէս կարելի է ապրիլ առանց հերոսներու: Չէ՞ որ հերոսներով մենք կը դաստիարակուինք, անոնցմով կ՛առաջնորդուինք ու ինքնամաքրուինք: Ինչպէ՞ս կարելի է տասնամեակներ շարունակ կոկորդ պատռելով համոզել մարդոց, որ անոնք, որոնք իրենց զէնք-զրահով, հոգիով ու սրտով պայքարած են, որ մենք մեր բուռ մը հայրենիքի տէրն ու տիրակալը մնանք, ազգի անարժան զաւակներն են: Եւ ինչքան ուժեղ եղած են այդ զաւակները, որ անգամ այդ պարագային ՄԵԾ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՈՒ ՀԱՅ մնացած են:
«Մեր դժբախտութիւնն այն չէ, որ աշխարհի մէջ կան թուրքեր, այլ այն, որ կան թուրքանման հայեր», ըսած է Գարեգին Նժդեհ:
Իւրաքանչիւր հայու, այն ալ` անմնացորդ հայրենասէրի համար այնչափ դժուար է հայու այս տեսակի ընկալումն ու ընդհանրացումը: Բայց միթէ՞ ճշմարտութիւնը հէնց ասիկա չէ․ միշտ ալ մեր մէջ գտնուած են դաւաճանողներ, մատնողներ, յանձնողներ, դռներ ու դարպասներ բացողներ․․․ Իսկապէս, ասիկա է մեր ազգի ամենամեծ դժբախտութիւնը: Եւ այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրն իր ուսերուն դրած ծանր բեռ ունի․ մեր ուժերուն չափով կարենալ հասնիլ անոր, որ մեզի հետ միասին քալող սերունդը չվախնայ դժուարութիւններէ եւ չընտրէ ատոնցմէ ազատուելու ամօթալի եղանակները, առաւել եւս, երբ նժարին պէտք է հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնը ըլլան:
Ապրիլ 28-ին ՌԴ Տիւմէն քաղաքի մշակոյթի կեդրոնին մէջ «Ճանաչենք մեր հերոսները» խորագիրը կրող զրոյց-քննարկում էր: Սեղանին շուրջ հաւաքուած էին տարբեր սերունդներու խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն իր ներսը ունէր Նժդեհի ի՛ր տեսակը:
Հայոց պատմութեան ամենանուիրարական անուններէն է Նժդեհը` Գարեգին Եղիշէի Տէր-Յարութիւնեանը, պետական, քաղաքական ու ռազմական մեծ գործիչ, փիլիսոփայ ու ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարախօս:
Այո՛, այդ օրուան հերոսը Նժդեհն էր, որ իւրաքանչիւր հայու արժանապատուութեան կրողն է, ներքին ձայնն է, հպարտութիւնն է:
Քննարկումը կազմակերպած էին մշակոյթի կեդրոնի ուսուցիչները: Ներկայ էին եւ՛ աշակերտներ, եւ՛ համայնքը ներկայացնող խումբ մը երիտասարդներ, եւ՛ այն սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք տարիներ շարունակ ժխտած են Նժդեհ-Հայրենասէրի կերպարը: Տեսակ մը սերունդներու ու տեսակէտներու խաչմերուկ կը յիշեցնէր մեր սեղանը, որուն շուրջ հաւաքուած էինք: Խօսեցանք Նժդեհի կենսագրութենէն, անոր անցած ռազմական ուղիէն, ընտանիքէն, անոր գաղափարներէն ու արտայայտած հանճարեղ մտքերէն, անոր գերեզմանի ոդիսականէն: Հնչեցին Նժդեհին նուիրուած երգեր, իսկ պաստառին ժամանակ առ ժամանակ կ՛երեւէին հատուածներ ֆիլմէն, որն աւելի ամբողջական կը դարձնէր մեր հերոսի կերպարը:
Այստեղ` դուրսը ապրողներուս համար նմանատիպ ձեռնարկներն ու քննարկումները շատ կարեւոր են: Հանդիպումն աւարտեցինք Նժդեհի հետեւեալ մտքով, որ պէտք է Հայաստանէն դուրս ապրող իւրաքանչիւր հայու ամէնօրեայ պատգամը ըլլայ․ «Աւելի լաւ է հայ մարդը համր ըլլայ, քան կամովին օտարախօս»:
Անի Կիրակոսեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»