Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութեան Հետ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 29-ին ընդունած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
ՀՄԸՄ ներկայացուցիչները ներկայացուցած են կառոյցին կողմէ իրականացուող ծրագիրներն ու նախանշած յառաջիկայ ընելիքները: ՀՄԸՄ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսած է, որ ՀՄԸՄ-ը պատրաստ է այսուհետեւ եւս իր ծրագիրներով աջակից ըլլալու Հայաստանին:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդգծած է, որ ՀՄԸՄ-ը միաւորելու, համախմբելու, կրթելու կարեւոր գործունէութիւն կ՛իրականացնէ հայկական սփիւռքի մէջ: Այս ծիրէն ներս նախագահը անհրաժեշտ համարած է, որ կառոյցը աւելի մեծ եռանդով շարունակէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ մայր հայրենիքին հետ կապերու ամրապնդման ուղղուած իր կարեւոր գործառոյթը: Աջակցելու իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով` նախագահը ըսած է, որ սփիւռքի մէջ ընելիքները շատ են, եւ նոր մօտեցումներու անհրաժեշտութիւն կայ` նոր ժամանակներու ու նոր սերունդի պահանջներուն եւ խնդիրներուն համահունչ:
Հանդիպման աւարտին ՀՄԸՄ պատուիրակութեան անդամները նախագահին նուիրած են կազմակերպութեան 100-ամեակին առիթով թողարկուած նամականիշը: