Պարի Միջազգային Օրը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Ախալքալաքի Մէջ

Պարի միջազգային օրը մեծ շուքով նշուեցաւ Ախալքալաքի մէջ։ Ախալքալաքի բերդի տարածքին, Ջաւախքի հանրային զարգացման ընկերակցութիւնը կազմակերպած էր պարի բաց դաս-ձեռնարկ, որուն Ախալքալաքի եւ շրջանի տարբեր գիւղերու պարախումբերու հետ միասին, օրհնութեամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքեայ վարդապետ Ամիրեանի, մասնակցեցաւ նաեւ առաջնորդական փոխանորդութեան Զարթօնք խումբը։ Բաց դասին ներկայ էին Արժանապատիւ Տէր Թադէոս քահանայ Տէր-Մկրտչեանը, Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Հենզել Մկոյեանը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները, բազմաթիւ պարասէրներ։ Դասին միացան նաեւ Արժանապատիւ Տէր Հայրն ու իշխանութիւններու ներկայացուցիչները եւ երեխաներու հետ միասին սորվեցան ազգագրական պարեր։
Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան