Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակը Ոգեկոչող Խաղաղ Երթ Ֆրանսայի Տիժոն Քաղաքին ՄԷջ

Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի Տիժոն քաղաքի «Սուրբ խաչ» հայկական ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ քաղաքի հայ համայնքը կատարեց խաղաղ երթ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:
Քաղաքապետարանի թոյլտուութեամբ խաղաղ երթը շարժեցաւ Տարսի հրապարակէն դէպի Սէն Միշէլ եկեղեցի: Մասնակիցները բռնած էին ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներ եւ հայկական Եռագոյն դրօշներ: Երթին կը մասնակցէին նաեւ երիտասարդ հայ ուսանողներ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ընկերացութենէն, բոլորին նպատակը նոյնն էր` նման երթերով ապացուցել միջազգային հանրութեան, որ հայ երիտասարդները չեն մոռցած 1915 թուականին տեղի ունեցածը: Ցեղասպանութիւնը դեռեւս կը շարունակուի, քանի դեռ ամբողջ աշխարհը չէ ճանչցած:
Աւարտին մասնակցիները Ցեղասպանութեան անմեղ զուհերու յիշատակին ծաղիկներ դրին Սէն Միշէլ եկեղեցւոյ մուտքին առջեւ տեղակայուած խորհրդանշական «Խաչքար»-ին դիմաց այն հաստատ համոզմամբ, որ Տիժոն քաղաքի հայ համայնքը օր մը կը հասնի իր նպատակին եւ քաղաքին մէջ խաչքար տեղադրելու թոյլտւություն կը ստանայ: