Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ Պաթումի ՄԷջ

Ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցի կապակցութեամբ, Պաթումի Սուրբ Փրկիչ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Սրբոց բարեխօսութեան կարգ` ՀԱԵ վիրահայոց թեմի` տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեանի մատուցմամբ:

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ կայացան ծաղիկներու խոնարհման եւ մոմավառութեան արարողութիւններ` Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան, ՀԱԵ վիրահայոց թեմի հովուութեան, համայնքային կառոյցներու, հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու մասնակցութեամբ:

Կազմակերպուեցաւ բացօթեայ ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած էին դէպքերուն ականատես գերմանացի հումանիստ Արմին Թ. Վէգների` Մեծ Եղեռնի դրուագները պատկերող լուսանկարները:

Ներկաներուն առջեւ ելոյթներ ունեցան Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեան եւ Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Եղիշէ Սարգսեան, որ իր ելոյթին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ 104 տարի առաջ ապրիլ 24-ին սկսաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, երբ Օսմանեան կայսրութեան երիտթուրքերու կառավարութիւնը սանձազերծեց կայսրութեան հայ բնակչութեան կոտորածներն ու տեղահանութիւնը իրենց պապենական քաղաքներէն ու գիւղերէն: Ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման կարեւորութիւնը` մարդկութիւնը նոր աղէտներէ զերծ պահելու համար:

Նոյն օրը Ալեքսանդր Մանթաշեանցի անուան կրթամշակութեային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ հայ համայնքային երիտասարդական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ «Խոստում» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Scroll Up