Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում Ախալցխայի Մէջ

Ապրիլ 24-ին համայն հայութիւնը կը յիշէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 1915-ին իրականացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի 104-րդ տարելիցը:
Ըստ http://mediaanalytic.org-ի ՝ առաւօտեան ժամը 11:00-ին Ախալցխայի հայութիւնը հաւաքուեցաւ քաղաքի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի՝ մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին տեղի ունեցող Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին:
Պատարագի աւարտին ախալցխացիներուն միացաւ նաեւ շրջանի հայկական գիւղերու հայութիւնը, որմէ քանի մը գիւղերու ներկայացուցիչներ ժողովուրդին հետ միասին ոտքով երթ կազմակերպած էին դէպի քաղաք:
Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն Ախալցխայի հայութեան բազմահազարանոց թափօրը քաղաքի կեդրոնական փողոցներով բարձրացաւ Մարտա թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած խաչքար յուշակոթող:
Քաղաքին մէջ պահանջատէր ժողովուրդը ճանաչման կոչերով, պաստառներով եւ պետական դրօշներով մէկ անգամ եւս յիշեցրեց բոլորին, որ ոչինչ մոռցուած է եւ մեր ժողովուրդը կը պահանջէ արդարութիւն եւ հատուցում:
Խաչքար-յուշակոթող հասնելուն պէս բազմաթիւ մարդիկ (որոնց մէջ երիտասարդներ ու պատանիներ) հանդէս եկան Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութիւնը դատապարտող ելոյթներով: Ելոյթները կարդացին ինչպէս հայերէն, այնպէս ալ այլ լեզուներով: Երիտասարդները երգեցին հայրենասիրական երգեր:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եկած էին նաեւ Ախալցխայի քաղաքապետ Զազա Մելիքիձէն՝ Սակրեպուլոյի խմումբ մը պատգամաւորներու հետ միասին: