Կիպրոս Կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Ջանքերուն

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անաստասիադիսը յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՛աջակցի Հայոց ցեղասպասնութեան ճանաչման միջազգային ջանքերուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին կապակցութեամբ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահականէն եղած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Կիպրոսի ժողովուրդը կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ զայն կ՛որակէ  մարդկութեան պատմութեան մէջ սեւ բիծ:

Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը դատապարտած են նաեւ Կիպրոսի քաղաքական ուժերն ու պատգամաւորները:

Յիշեցնենք, որ Կիպրոսի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած է 1962-ին:

Scroll Up