Գաթալոնիոյ Եորետ Տէ Մառ Քաղաքին ՄԷջ Կը Կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Յուշակոթող
Ապրիլի 24-ին Գաթալոնիոյ Եորետ տէ Մառ քաղաքին մէջ տեղի հայկական համայնքը, «Հայկական ասոցիացիա»-ի նախագահ Սամուէլ Բադալեանի նախաձեռնութեամբ, համախմբուած յիշատակած է Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Արարատի ձայն» լրահոսի աշխատակից Ժաննա Դաւթենցը, քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ կաթոլիկ քահանայ Մարտիրիա Պրուգադան ընթերցած է աղօթք` ի յիշատակ Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Արարողութենէն յետոյ համայնքի անդամները հաւաքուած են քաղաքապետարանին կողմէ քաղաքի կեդրոնական մասի յատկացուած վայրին մէջ, ուր շուտով պէտք է կառուցուի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթող: Այդ ազգանուէր գործին մէջ իր դերակատարութիւնն ունի «Հայկական ասոցիացիա»-ի նախագահ Սամուէլ Բադալեան, որն իր եռանդուն գործունէութեամբ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ նաեւ այլ նախագիծերու մէջ:
Հաւաքուածները ծաղիկներ դրած են յուշակոթողի կառուցման փաստն արձանագրող յուշաքարին, որն այնուհետեւ օծուած է կաթոլիկ քահանայի կողմէ: Այնուհետեւ համայնքի անդամ Յովհաննէս Յարութիւնեան ընթերցած է Տէրունական աղօթքը: Ձեռնարկը աւարտուած է Սանթա Քոլոմայի «Արարատ» միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեանի ելոյթով, որ գաթալոնցի հիւրերուն իրենց մայրենիով ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ եւ նշած գաթալոնեան այն քաղաքներուն անունները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Եորետ տէ Մառն էլ շուտով կը հետեւի անոնց օրինակին: