«Ժամանակի Փոխակերպումն Արուեստներու Միջոցով» Խորագիրով Բացառիկ Ծրագիր Երեւանի ՄԷջ
Երեւանի Ստանիսլաւսկի անուան դրամատիկական թատրոնի բեմին վրայ ապրիլ 26-ին կը ներկայացուի ՀՀ վաստակաւոր նկարչուհի Աննա Յարութիւնեանի «Ժամանակի փոխակերպումն արուեստներու միջոցով» խորագիրով բացառիկ հեղինակային ծրագիրը: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն կազմակերպիչները, այն կը ներկայացնէ արուեստի տարբեր տեսակներու խումբ մը` մէկ ներկայացման մէջ: Ներկայացումը ներառուած է 2019թ.-ի ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուող ֆրանքոֆոնիայի օրերու ծիրէն ներս իրականացուող մշակութային ծրագիրներու ցանկին մէջ, տեղի կ՛ունենայ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ ՀՀ-ի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատան աջակցութեամբ:
Հայերէն եւ ֆրանսերէն ներկայացման նպատակն է նորովի ներկայացնել հայ մշակոյթը: Ծրագիրի հիմքին ինկած են Աննա Յարութիւնեանի «Ու ոչ մի բան չկար…», «Աշխարհի ստեղծումը», «Աշխարհի խաչելութիւնը», «Աշխարհի 7 խոհրդանիշները», «Աշխարհի պատուհանը» նկարները:
Այս հինգ գործերն իրենց բովանդակային առումով ե՛ւ միջազգային են, ե՛ւ խիստ հայկական, քանզի ընդհանուր առմամբ արտայայտելով աշխարհի ստեղծման եւ քաղաքակրթութեան զարգացումը մասնաւորապէս կ՛արտայայտեն հայ ժողովուրդի դերակատարումն այս գործին մէջ: Ծրագիրն իր մէջ պիտի ներառէ նկարչութիւն, երաժշտութիւն,գրականութիւն, հագուստի ձեւաւորում, ժամանակակից տեխնիկայի օգտագործում, մասնաւորապէս` լեդ էկրան, 3D անիմացիա, մնջախաղ, լուսային, ձայնային եւ հոտային ազդեցութիւններ: Պիտի օգտագործուի ամենատարբեր ժանրերու երաժշտութիւն: Բեմին վրայ իւրօրինակ ձեւով կը յայտնուի նկարը, որ այնուհետեւ «կը ձուլուի» պաստառին, ուրկէ դուրս կու գան 3 տարբեր մոտելներ այդ նոյն նկարի ուրուագիծերով եղած հագուստներու նախշեր: