Հոլանտայի Տէն Պոսի եւ Շրջակայ Բնակավայրերու Հայ Համայնքը Հնարաւոր Է Ունենայ Իր Սեփական Աղօթատեղին

Տէն Պոսի «Ուրարտու» հայ համայնքի կեանքին մէջ ապրիլ 13-ին յիշարժան իրադարձութիւն էր. Հիւսիսային Պրապանտի մարզ այցելած էր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վատիկանի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Խաժակ Պարսամեան:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Նիտերլանտական օրագիրէն», Տէր Արմէն քահանայ Մելքոնեանի հետ անոնք Տոտրեխտի հայ հաւատացեալներուն հետ ծանօթանալէ յետոյ այցելեցին Տէն Պոս (կամ` Հերթոգենպոս), ուր նախ պէտք է հանդիպէին կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն ու անոնց ծնողներուն, իսկ յետոյ` յաջորդ օրը, տեղի Սուրբ Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ անմիջական մասնակցութիւն ունենային Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագի արարողութեան:
Ընդհանրապէս, արժանին պէտք է մատուցել Խաժակ սրբազանին Հոլանտայի հայ համայնքին այդչափ ուշադրութիւն դարձնելու համար: Ան եղած է գրեթէ բոլոր հայաշատ համայնքներուն մէջ ու իր խորհուրդներով, կերտիչ խօսքով ու գործով նեցուկ եղած ազգանպաստ գործերու:
Դժուար է ըսել, թէ Հերթոգենպոսը անցեալին որքանով առնչութիւն ունեցած է հայ կեանքին: Ներկայիս համայնքը մէկ տասնամեակ ալ չկայ, որ ձեւաւորուած է: Քաղաքի սակաւաթիւ հայերուն` 90-ական եւ 2000 թուականներէն յետոյ միացած են բազմաթիւ հայաստանաբնակ հայեր: Համայնքի կազմաւորման, կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ մեծ աւանդ ունի երջանկայիշատակ փրոֆէսոր Մարտուն Էլբակեան, որուն ջանքերով ստեղծուած է «Կոմիտաս», ապա «Ուրարտու» հայ համայնքը: Ան անձամբ կը դասաւանդէր իր հիմնած դպրոցին մէջ: Կարճ ժամանակ անց Մարտուն Էլբակեան ծանօթացաւ Հոլանտայի լաւագոյն ուսման վարպետներէն մէկուն` արժանանալով թագաւորական պարգեւի, իսկ Մայր Հայրենիքի կողմէ` «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալի: Թէեւ անժամանակ մահը ընդհատեց անոր սկսած գործը, այնուհանդերձ, կողքը եղած նուիրեալները շարունակեցին անոր սկսած գործը: Այժմ համայնքին դպրոցը, ուր կը յաճախեն 19 երեխաներ, Մարտուն Էլբակեանի անունը կը կրէ:
Տէն Պոս մեր այցելութեան օրը, երբ կիրակնօրեայ դպրոցի սաները կը պատրաստուէին հայերէնի իրենց իմացութեամբ հանդէս գալ Սրբազանին ու իրենց ծնողներուն առջեւ, աշխոյժ կազմակերպչական աշխատանքներու իրարանցման մէջ տեսանք «Ուրարտու»-ի վարչութեան նախագահ Թօնի Պօղոսեանը, փոխնախագահ Մուրադ Մուրադեաը, գործիչներ Լոռի եւ Գոհար Թիւրպենտեանները, դպրոցի տնօրէն տիկին Անժէլան, նախակրթարանի մանկավարժ տիկին Ճեմման եւ միւսները, որոնք փութաջանօրէն կը նախապատրաստուէին դիմաւորելու Գերաշնորհ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Արմէն քահանայ Մելքոնեանը: Անոնց այցելութիւնը ոգեւորութեան ու հայրենիին նուիրուելու մեծ տօնի վերածուեցաւ: Այբբենարանին, հայ գիրերուն ու Մայր Հայաստանին նուիրուած երեխաներու ելոյթներուն յաջորդեց հայկական ժողովրդական մեղեդիի ներքոյ անոնց պարը: Պարուսոյց Լուսինէն կրցած էր պարի լեզուի հմայքով թափանցել երեխաներուն ներաշխարհը` այս արուեստէն մասնիկ հանելով անոնց: Անմասն չմնացին նաեւ ծնողները` ասմունքելով Սահեան ու Սեւակ:
Գաղտնիք չէ, որ Սփիւռքի հայ համայնքը միաբան կը պահէ հայ եկեղեցին ու հայ դպրոցը, ուր կրնան կենդանի շփումներու միջոցով առաւել զօրացնել իրենց հաւատքը եւ համայնքային կեանքը:
Յաջորդ օրը` ապրիլ 14-ին, արդէն բազմաթիւ հայեր պէտք է ականատեսը ըլլային սրբազանի մատուցած պատարագին` Տէն Պոսի Սուրբ Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ: Ալեքսանտրիացի Կատարինան, որուն անունով կը կոչուի եկեղեցին, նահատակուած է 307 թ. նոյեմբեր 25-ին եւ միջնադարեան ամենատարածուած սուրբերէն մէկն է:
Ցաւօք, այսօր եկեղեցին վաճառքի հանուած է, ու հիմա վարձակալութեամբ պիտի տրուի հայ համայնքին: Միւս կողմէն լաւ հնարաւորութիւններ կը պահպանուին շէնքը սեփականութեան իրաւունքով ձեռք բերելու համար:
Նման գաղափար մը նաեւ սրբազանը կը խրախուսէ: Մեր զրոյցին ան հաւաստիացուց, որ իր կապերով, ու ինչու չէ` անձնական միջամտութեամբ, կարելին պիտի ընէ, որ այս կառոյցը հայ հաւատացեալներուն ծառայելէն բացի դառնայ հայ հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեդրոն Հոլանտայի մէջ:
1533 թուականին գոթական ոճով կառուցուած եկեղեցին, որ ազգային յուշարձանի կարգավիճակ ունի, 2015 թուականի կէսերէն կորսնցուցած է իր եկեղեցական նշանակութիւնը, իսկ այսօր արդէն վաճառքի հանուած է:
Քանի մը օր շարունակ «Ուրարտու» հայ համայնքի անդամներու ու հոգեւոր հովիւի թեթեւ ձեռքով փութաջանօրէն մաքրուած, կարգի բերուած են եկեղեցւոյ ներսը: Որոշ առումներով եկեղեցական պարագաներն ու դասաւորութիւնը համապատասխանեցուած են հայ եկեղեցւոյ պահանջներուն:
Չնայած գարնան ոչ բնորոշ ցուրտ եղանակին (+3 ) Տէն Պոսի, Տոտրեխտի եւ մերձակայ այլ շրջաններու բնակավայրներէն հարիւրաւոր հայ հաւատացեալներ ներկայ էին առաջին անգամ այստեղ տեղի ունեցող հայկական պատարագին: Եկեղեցին մուտք գործելէ առաջ հաւատացեալները հոգեւոր հայրերուն հետ մասնակցեցան եկեղեցւոյ «Դռնաբացեքի» արարողութեան: Սրբազան Հայրը հաւատացեալներուն հետ միասին երգեց «Բաց մեզ Տէր» հոգեթով շարականը, յետոյ բացուեցան եկեղեցւոյ փակ դռները եւ հաւատացեալները Սրբազան Հօր եւ Տէր Արմէն քահանայի առաջնորդութեամբ ներս մտան` կտրելով մուտքի ժապաւէնը:
Տաճարը տեւական դադարէ յետոյ կրկին վերակենդանացաւ: Պատարագին կ՛ուղեկցէր Արհնեմի երգչախումբի հոգեթով երաժշտական կատարումները:
Պատարագի աւարտէն յետոյ Սրբազան հայրը զրոյց ունեցաւ իրեն այցելած Տէն Պոսի Կաթոլիկ թեմի եպիսկոպոս Անթոնիուս Լամպերտուս Մարիա Հուրկմանսի հետ եւ իր երախտագիտական խօսքն ըսաւ հայ համայնքին օգնելու պատրաստակամութեան համար: Հայրապետական Պատուիրակը փոխադարձ համագործութեան համար բարձրաստիճան հոգեւորականը հրաւիրեց Վատիկան:
Այսպիսով, Տէն Պոսի Սուրբ Կատարինա եկեղեցւոյ մէջ առաջին, եւ յոյսով ենք` բազմաթիւ անգամներ, կը հնչեն հայկական պատարագներ, տեղի կ’ունենան ծիսակատարութիւններ: Ինչպէս Սրբազանը կ՛ըսէ` հաւատքով, յոյսով, որ այն շուտով, որպէս հայկական եկեղեցի, կ՛օծուի ու ընդմիշտ կը ծառայէ հաւատացեալ մեր ժողովուրդին: