«Մեր Երկիրը…»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Նաոմի Ուաքօ Անկլիքան եկեղեցիի կղերական առաջնորդ տիկին մըն է: Ան միեւնոյն ժամանակ Քենիոյ երեսփոխանական ժողովի անդամ է: Աստուածաշունչի ընկերութեան աւելի քան երկու հարիւր առաջնորդներու ներկայութեան, որոնք ժամանած էին մօտաւորապէս հարիւր տարբեր երկիրներէ, Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ ան չտատամսեցաւ եւ ոչ ալ իր բառերը ծամծմեց ու ըսաւ` «Մեր երկրին ամէնէն մեծ հարցերէն մէկը կաշառակերութիւնն է»:

Կար նաեւ Նաոմիին վճռակամութիւնը. «Բայց մենք միայն դիտողներ չենք,- ըսաւ ան,- այլ նաեւ` գործողներ: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի շտկենք մեր երկիրը եւ դուրս գանք այս աղէտէն»:

Նկատի ունենալով, որ մեր համագումարին բնաբանն էր` «Աստուածաշունչը եւ անոր ընկալումը. կառուցելու համար հաւաքականութիւնները», ան քաջալերեց մեզ բոլորս, որ երբեք չյուսահատինք: «Մենք բոլորս նախանձախնդիր պէտք է ըլլանք կառուցելու համար մեր երկիրները եւ անոնց հաւաքականութիւնները: Այս պէտք է ըլլայ եկեղեցիին կոչումը մեր իւրաքանչիւրին համար», եզրափակեց ան:

Սամիի դէմքին վրայ ժպիտը անպակաս էր: Մեկնելով ափրիկեան մշակոյթի ու կենցաղի բոլոր սովորութիւններէն` ան իր զբօսաշրջութեան պարտականութիւնները կը կատարէր ամէնէն մեծ նուիրուածութեամբ ու հաճոյքով: Այս մթնոլորտով ալ ան սկսաւ մեզ պտտցնել: Յստակ էր, որ Սամին կը սիրէր իր գործը եւ, երեւի, վերածած էր զայն առաքելութեան:

Քառասուներկու ցեղախումբերէ կազմուած Քենիան բազմալեզու երկիր է, անոր մայրենին կը հանդիսանայ սուահիլին, իսկ անգլերէնը` պաշտօնական, որովհետեւ երկիրը երկար ժամանակ մնացած է անգլիական գաղութատիրութեան տակ եւ միայն 1962 թուականին ստացած է իր անկախութիւնը: Այդ «պաշտօնական» լեզուն վերածուած է նաեւ «ուսուցիչի լեզու»-ի, ինչպէս որ իրենք կ՛անուանեն, եւ դպրոցներուն մէջ կը գործածուի որպէս կրթական ծրագրի  եւ ուսուցման լեզու… Այս իմաստով ալ չ՛ուշանար մանկավարժներու մտահոգութիւնը, որ առկայ է այս օրերուն, թէ`  մայրենի լեզուն երկրին մէջ կրնայ անյայտանալ յաջորդ յիսուն տարիներու ընթացքին: Կայ մտահոգութեան միւս` դրական երեսը.

«Ժողովուրդին մեծ համեմատութիւնը ուսեալ է,- ըսաւ Սամին:- Կառավարութիւնը կը քաջալերէ իր ժողովուրդը, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ ուսանելու»:

Բայց երկիրը ունի իր տագնապները: Ճնշող տագնապը աղքատութիւնն է: «Ինչո՞ւ այսքան մարդ փողոցները կը քալեն», հարցուցի Սամիին` մեկնելով շատ պարզ դիտարկումէ մը:

«Որովհետեւ կարելիութիւն չունին հանրային փոխադրամիջոցներ գործածելու: Իրենց աշխատանքային օրապահիկը հազիւ երկու ամերիկեան տոլար է», ըսաւ Սամին` պզտիկ ժպիտ-յուզում մը դէմքին վրայ:

Անկախ այն ստեղծուած տպաւորութենէն,  որ ստացած էինք մեր այցելութենէն առաջ, թէ` երկիրը կրնայ անապահով ըլլալ… Եւ տեսնելով աղքատութիւնն ու տագնապները` դիւրին եղաւ ենթադրել, որ մեր տպաւորութիւնը այդպէս էր… Մենք կրցանք նաեւ տեսնել, որ Քենիա այդքան ալ «անապահով» չէր:  «Մեր քաղաքական ղեկավարները` կառավարութիւն եւ ընդդիմադիր, համաձայնած են, որ երկիրը պէտք է խաղաղ ու ապահով պահեն», ըսաւ Սամին:

Համաձայնած են… խաղաղ ու ապահով պահել  երկիրը:

Սամին մեզ կ՛առաջնորդէր Նայրոպի մայրաքաղաքի մէջ զետեղուած ու պատրաստուած կենդանաբանական անտառին մէջ: Երեւի աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` մայրաքաղաքին մէջ քաղա՞ք` երկրի կենդանիներուն համար, որոնք կ՛ապրին իրենց տարբերութիւններով: Այս անտառ-քաղաքին մէջ կրցայ տեսնել Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշալիքը: Ան ստեղծեց երկինքն ու երկիրը, նաեւ` կենդանիներն ու, տակաւին, մարդը: Այս բոլորը` միասին եւ միատեղ: Ստեղծագործութենէն ետք Աստուած յանձնարարեց. «Աճեցէք ու բազմացէք»: Քենիան ցցուն ու ապրող մէկ լաւ օրինակն է միասին ապրելու ու, տակաւին, բազմանալու իրականութեան:

Եթէ մէկ կողմէ կ՛ըմբոշխնէի երկրին ու անոր բնութեան գեղեցկութիւնը (թէկուզ` իր ոչ զարգացած ու աղքատ իրավիճակներով), միւս կողմէ` նաեւ կենդանիներն ու, տակաւին, մարդիկ. բոլորն ալ` մէկ ամբողջութեան ընդմէջէն: Իսկ Սամիին համար «մեր կենդանիներն» էին, որոնք հարազատ էին: Շրջագայութեան ժամանակ պահ մը կանգնեցուց ինքնաշարժը. «Կը զգամ, որ առիւծ մը կայ մօտերը», ըսաւ ան: Սամին, կարծէք, սորված էր իւրաքանչիւր շարժում իր երկրին մէջ: Չուշացաւ առիւծը… Սկսանք դիտել «ոչ հաճելի» տեսարանը, երբ առիւծը սկսաւ հալածել եղնիկները… Անօթի էր…

Սամին ունէր իր պատմութիւնը իր երկրին մէջ:

«Փողոցին մէջ մեծցած եմ,- ըսաւ ան:- Ծնողներս զիս լքած էին, չէի ճանչնար զիրենք»: Երիտասարդ ամոլ մը զինք որդեգրած է: Սամին որդեգրող հայրը փորթուգալցի է, իսկ մայրը` սերպ: Անոնք կը գործէին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հետ եւ այս պաշտօնով կ՛ապրէին Քենիա: Սամին մեծցած եւ ուսանած է զինք որդեգրող ծնողքին եւ անոնց զաւակներուն հետ: Երբ ընտանիքը աշխատանքի պատճառով փոխադրուած է Չիլի,   Սամին միացած է անոնց` որպէս ընտանիքի մէկ անբաժան զաւակը:  «Բառերը բաւարար չեն ըսելու ձեզի, թէ որքա՛ն խնամք վայելեցի զիս որդեգրող մօրս կողմէ,- ըսաւ Սամին.- իսկ անոնց զաւակները դարձան իմ եղբայրն ու քոյրը»:

Որդեգրող սերպ մայրը իր ամբողջ «սէրը» դրած է Սամիին մէջ: Ոչ թէ միայն այդ, այլ ամէն միջոցի դիմած է, որպէսզի Սամին կարենայ գտնել իր կենսաբանական մայրը: Մեկնելով իր պետական յատուկ կապերէն` կրցած է ընել այդ:

«Շատ դժուար էր ինծի հանդիպիլ իմ իսկական մօրս», ըսաւ Սամին` շարունակելով բաժնեկցիլ իր պատմութիւնը մեզի հետ: Հանդիպումի ընթացքին կար իր մօր խօսքերը. «Գիտեմ, պիտի չկարենաս ներել զիս», ըսած է մայրը Սամիին:

Սամին չէ կրցած ներել իր կենսաբանական մայրը: Ան վերադարձած է Չիլի: Որդեգրող մայրը կրցած է «սորվեցնել» Սամիին, որ իր սրտէն պէտք է դուրս հանէ ատելութիւնը: Սամին վերադարձած է Քենիա եւ միացած …մօրը: «Հիմա երկու մայր ունիմ,- ըսաւ Սամին:- Որդեգրող մայրս տարին երկու անգամ կ՛այցելէ ինծի եւ ամէն շաբաթ կը հեռաձայնէ: Իսկ իրենց զաւակներուն հետ կը շարունակեմ յարաբերիլ որպէս հարազատ քոյր եւ եղբայր»:

Չուշացաւ իմ հարցումս. «Չե՞ս ուզեր երթալ եւ ապրիլ դուրսը, քանի կարելիութիւն ունիս քեզ որդեգրած ծնողքիդ շնորհիւ»: Սամին պատասխանեց. «Ես կ՛ուզեմ հոս մնալ: Քենիան իմ երկիրս է: Ես հոս գործ ունիմ ընելու»:

Սամիին գործը ոչ միայն զբօսաշրջիկները ծանօթացնել է իր գեղեցիկ երկրին, այլ` աւելին: Ան իր աշխատանքային ժամերէն աւելի կ՛աշխատի բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք «փողոցը» մնացած մանուկներուն կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ճիշդ ձեւով ապրին իրենց կեանքերը:

Նայրոպիի կենդանաբանական քաղաք-պարտէզին մէջ կայ նաեւ յատուկ բաժին մը` «որբացած փիղերու» համար: Ասոնք այն ձագուկ փիղերն են, որոնց ծնողները սպաննուած են որսորդներու կողմէ կամ` տարբեր պատճառներով, ինչպէս, օրինակ, բնութեան եւ անտառներու անտեսումի պատճառով: Հետաքրքրական է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս ժողովուրդին ցոյց կու տան, որ անհրաժեշտ է խնամել այս պզտիկ-ձագուկ փիղերը, մինչեւ որ անոնք մեծնան ու վերադառնան իրենց «տունը»` բնութեան ու անտառային աշխարհը…

Ահա` ցուցադրութեան ընթացքին տրուած զեկուցում-պատգամը:

Ընդհանուր տնօրէնը այս բաժնին. «Մենք պատասխանատու ենք այս փիղերուն որբանալուն, որովհետեւ անոնց մայրերը սպաննուեցան, որպէսզի իրենց փղոսկրներով զարդեր շինուին ու ծախուին մարդուն: Մենք պէտք է սորվեցնենք, որ մեր երկրին կենդանիները եւ անտառները պէտք է պահենք` որպէս մեր երկրի հարստութիւն»:

«Մեր երկիրը…»: Քիչ մը ամէ՞ն տեղ… Եթէ հոն` «մեր երկրին» մէջ անպակաս են մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները, բայց կայ ապրելու, շտկելու եւ շինելու գիտակցութիւնը: Քենիա իմ այցելութեան ընթացքին կրցայ նաեւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս անոնք կ՛ուզեն ապրիլ «իրենց(մեր) երկրին» մէջ` անկախ իրենց դիմագրաւած բոլոր տագնապներէն:

Իւրաքանչիւր անհատ կ՛ապրի իր ինքնութեան եւ մշակոյթի հարազատութեան մէջ: Այսպէս եղած են մարդուն եւ ժողովուրդներու պատմա-մշակութային կեանքերու հոլովոյթները: Այդ ինքնութեան եւ մշակոյթի կռուանը կը դառնայ երկիրը` իմա՛ հողը: Ինքնութեան եւ մշակոյթի այս «յատուկ» երկիրը կը դառնայ իմս եւ մերը` որպէս մեր կեանքերուն ապրելու հիմք տուող իրականութիւն:

Հայուն համար ալ իր ինքնութեան եւ մշակոյթի կռուանը Հայաստանն է: Իմը, իւրաքանչիւր հայուն եւ բոլոր հայերուն: Իմ եւ մեր երկիրը:

Քենիացին կ՛ապրի իր-մեր երկրի հարազատութեան մէջ, որքան որ այդ ըլլայ դժուար:

Հայն ալ կ՛ապրի ու պէտք է ապրի իր-մեր երկրի իրականութեան մէջ` իր բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ…

Այս բոլոր դժուարութիւնները պարտինք վերածել գործի ու, տակաւին, ապրելու մարտահրաւէրի:

«Մենք հոս գործ ունինք ընելու»:

Մեր գործը «մեր երկիրը» պահելն ու շինելն է:

Եթէ քենիացիին համար, բայց անպայմանօրէն` նաեւ հայուն:

Մեր(իմ) երկիրը…

Scroll Up