«Իմ Այբուբենը» Մանրանկարչական Ժողովածուն` Նուէր Գաւառի Մանկատան Փոքրիկներուն

Ծաղկազարդին` մանուկներու օրհնութեան օրը, «Հայկական մանրանկարչութեան կեդրոն» հիմնադրամի «Մանկական գրականութիւն» ազգային ծրագիրը «Նախշ» երաժշտական նախագիծի եւ «Լոֆթ Երեւան»-ի կազմակերպած բարեսիրական ծրագիրի ծիրէն ներս բարեգործական նախաձեռնութիւն ցուցաբերեց`  նուիրաբերելով Գաւառի մանկատան երեխաներուն «Իմ այբուբենը» մանրանկարչական  ժողովածուները:

Հարկ է նշել, որ «Մանկական գրականութիւն» ազգային  ծրագիրով կը ստեղծուի նոր սերունդի մանկապատանեկան  գրականութիւն աշխարհի հայ փոքրիկներու համար` անկախ անոնց գտնուելու վայրէն: Առաջին անգամ ծրագիրով լոյս կը տեսնեն հայկական միջնադարեան մանրանկարչութեան հիմքով ստեղծուող եւ տեսակով առաջինը մանկական ժողովածուներ` թէ’ հանրակրթութեան համար նախատեսուած, թէ՛ որպէս ուսումնաօժանդակ կրթութեան տարբերակ, թէ’ հայապահպանութեան զարգացման նպատակով, թէ’ հոգեւոր դաստիարակութեան համար:

Հայկական միջնադարեան մանրանկարչութեան նուիրուած մանկական գունաւորման հայկական այս ժողովածուներն առաջինն են հայ մշակութային իրականութեան մէջ, որոնք կը ստեղծուին գրքային մանրանկարչութեան (զարդարման) բացառիկ կիրառութեամբ, կը ներկայացնեն հայկական մանրանկարչութեան զարմանահրաշ պատկերներն ու գոյները, ոճային առանձնայատկութիւնները:
Միջնադարեան հայկական մանրանկարչութեան կիրառութեամբ կ՛իրականացուի վերջինիս մանկականացումը` կիրառութիւնը մանկութեան ոլորտին մէջ, որմով հնարաւորութիւն կը  ստեղծուի այդ բացառիկ արժէքները հասանելի դարձնելու հայ երեխաներուն եւ նպաստելու անոնց հայեցի դաստիարակութեան` մշակութային ինքնութեան պահպանման հիմքով:

Այս ժողովածուները մշակութային միջավայրը կը հարստացնեն` հոգեւոր-ազգային մշակոյթի պաշտպանութեան դիրքերիէն հանդէս գալով:

Հայ երեխաները գունաւորման ժողովածուներու օգնութեամբ կը ճանչնան ազգային մշակոյթի ամենատարբեր արժէքները, որ էական նշանակութիւն ունի անոնց մշակութային ինքնութեան ձեւաւորման գործին մէջ:

Մշակութային ինքնութեան յարաբերութիւնները բազմաբարդ են եւ ծաւալուն, որոնց նշանակութիւնն անհնարին է ժխտել: Հայ երեխաներու մշակութային ինքնութեան զարգացման կարեւոր միջոցներէն են մանկական գրականութեան ստեղծումն ու տարածումը:

Ծրագիրի շահառուները աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ ապրող հայ երեխաներն են, որոնց համար իւրաքանչիւր տարի կը նախագծուին հայոց այբուբենին նուիրուած մանրանկարչական բարձրակարգ ժողովածուներ, տառերու հաւաքածուներ, գունաւորման թեմատիկ ժողովածուներ, մանկական գիրքի լաւագոյն նմուշներ:
Հայոց այբուբենին նուիրուած ժողովածուներու շարքին մէջ գլխաւոր գիրք է «Իմ այբուբենը» մանրանկարչական գունաւորման ժողովածուն:

Ծրագիրի ռազմավարական մօտեցումներէն է ընդլայնել  հայոց այբուբենի ֆիզիքական սահմանը` աշխարհի բոլոր հայ երեխաներուն հասանելի դարձնելու իրենց «Իմ այբուբենը» մանրանկարչական ժողովածուն:

Այս ծրագիրի սահամանները դեռ պիտի քարտէզագրե՜ն աշխարհի բոլոր հայերու միաւորման անսահման տարածութիւնը ազգային արժէքներու շուրջ:

Scroll Up