Պարոյր Սեւակին Նուիրուած Գրական Երեկոյ Փըրմի ՄԷջ

Ապրիլ 14-ին Փըրմի հայ համայնքին մէջ կայացաւ հայ մեծանուն գրող Պարոյր Սեւակի 95-ամեակին նուիրուած գրական երեկոյ, որ ողողուած էր սեւակեան ոգիով ու շունչով: Իւրաքանչիւր երիտասարդ, ասմունքելով Մեծն գրողի ստեղծագործութիւնները, կը կարենար  փոխանցել այն արժէքաւոր մտքերն ու յոյզերը, որոնց միջոցով բանաստեղծը փորձած է մասնակից դարձնել մեզ իր ապրումներուն:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Մարիամ Գրիգորեան, առանձնայատուկ հիացմունքի  արժանի էին բոլոր մասնակիցները, որոնց շրթունքներէն մեսրոպատառ հայոց լեզուով կը յորդէին Տիեզերական գրողի ստեղծագործութիւնները: Կային նաեւ ստեղծագործութիւններ, որոնք հնչեցին ռուսերէն` նպատակ ունենալով տեղի տարբեր ազգերուն ծանօթացնելու գրողի բազմաբովանդակ եւ յուզառատ աշխարհը:

Երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը` ապրելով Հայրենիքէն դուրս, իր մէջ փայփայած, գուրգուրած եւ մեծցուցած էր այն փոքրիկ հայուն, որ այսօր կարծես  «խենթ պատանի» մը ապացուցեց, որ մենք կանք, պիտի ըլլանք ու դեռ շատանանք: Շատ աժեքաւոր է այն փաստը, որ մեր երիտասարդ սերունդը կրնայ ապացուցել, որ Մեծերը չեն մահանար: Մեծերը կը ձուլուին մարդոց հոգիներուն մէջ,կը  մտնեն մարդոց սրտերը` սերունդէ-սերունդ յարատեւելու անխախտութեամբ:

Անչափելի եւ երկնամերձ բարձր սքանչելիքներ տուաւ մեզի Պարոյր Սեւակը… Անոր մեծութիւնը գնահատողը ժամանակներն են, որոնք կան ու պիտի ըլլան: Ժողովուրդի սէրը մաքուր եւ յաւերժական է Սեւակի նկատմամբ: Ան իր քերթուածով ապրած, կ՛ապրի է եւ պիտի ապրի իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ: Ամէն մէկս ունինք մեր Սեւակը, որ միայն մերն է: Եւ այս երեկոն Մեծն Պարոյր Սեւակի նկատմամբ մեր ճշմարիտ եւ մեծ սիրոյ դրսեւորումն էր:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Փըրմ քաղաքի հայ համայնքի երիտասարդական կազմակերպութեան եւ «Վերնատուն» գրական ակումբին, որոնց համատեղ աշխատանքին շնորհիւ իրականացաւ Մեծն Պարոյր Սեւակի 95-ամեակին նուիրուած գրական գեղեցիկ երեկոն:

Scroll Up