Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կատարող Հայ Բժիշկներուն Կը Դիմեն Նաեւ Տեղաբնակ Արաբները

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումով Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն կատարող սակրաւորները վերջերս խումբի ղեկավար Արա Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ գործնական աշխատանքներ կ’իրագործեն:
Մարդասիրական առաքելութեան խումբին մաս կազմող բժիշկներէն ոմանք Հալէպի հայ համայնքին պատկանող դարմանատան մէջ իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը կը ծաւալեն:
Բժշկական օգնութիւն ստանալու համար հայ մասնագէտներուն ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ տարբեր ազգութիւն ունեցող տեղաբնակներ կը դիմեն: