Երեւանի Մէջ Փառաշուք Հանդիսութիւններով Նշուեցան Թումանեանի, Կոմիտասի, Օտեանի Եւ Շանթի Ծննդեան 150-ամեակները

Շարունակելով 13 Հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակով սկսուած միջոցառման երթը, ահա կրկին հովանաւորութեամբ Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Ծաղիկ» Գրական Ազգային հանդէսի, Երեւանի «Թէքէեան Կեդրոն»ի մեծ սրահին մէջ, Շաբաթ 6 եւ Չորեքշաբթի 10 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցան այս անգամ հայ գրականութեան ու երաժշտարուեստի մեծանուն 4 դէմքերու՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտասի, Երուանդ Օտեանի եւ Լեւոն Շանթի նուիրուած յոբելենական բարձրամակարդակ հանդիսութիւններ, անոնց ծննդեան 150-ամեակներուն առիթով, ուր ներկայ գտնուեցան գրողներ, մտաւորական ծանօթ դէմքեր, արուեստի, մշակոյթի եւ թատերական գործիչներ, գրականագէտներ եւ պատմագէտներ, գրասէր հասարակութիւն մը, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պետական հեռուստացոյցերու պատասխանատուներ, որոնք առանձնայատուկ հարցազրոյցներ շնորհեցին գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանին, «Ծաղիկ»ի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեանին եւ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանին: Հարցազրոյցները ատենին սփռուեցան ու արձագանգ գտան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենի մամուլին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ «Ծաղիկ» հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան:
Յատուկ այս առիթով ասմունքելու համար Պոլիսէն Երեւան հրաւիրուած էր պոլսահայ մեծանուն արուեստագիտուհի, Հայ Ասմունքի Իշխանուհի Տիկին Սիլվա Կոմիկեան, իսկ Լիբանանի «Ծաղիկ» գրական թերթի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան՝ որ կազմակերպիչն էր սոյն հանդիսութեանց, նաեւ Երեւան ժամանած էր այս առիթով:
Շաբաթ, 6 Ապրիլի երեկոյեան, առաջին հերթին նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի գրական եւ Ամենայն Հայոց Երգի Վեհափառ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական բեղուն վաստակը:
Արդարեւ, «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանի բարի գալուստի հակիրճ ելոյթէն ետք, բացման խօսքով ու հանդիսավարութեամբ ելոյթ ունեցաւ «Ծաղիկ»ի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեան, որ ըսաւ, թէ 2019-ին «Ծաղիկ»ի հիմնադրութեան 15-ամեակին զուգադիպող գրական 3 մեծ դէմքերու կողքին, Ամենայն Հայոց Հայ Երգի Վեհափառ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութեանց եւ ազգային ժառանգութեանց Երեւանի մէջ նշումը յոյժ կարեւորութիւն կը զգենու անոր համար, որ արեւելահայ գրող Թումանեան, այս առիթով կը համատեղէ Կոմիտասը, Օտեանն ու Շանթը, որոնք ծնունդով պոլսահայ, ապրեցան եւ ստեղծագործեցին թէ՛ Պոլիս եւ թէ՛ Սփիւռքի զանազան ոստաններու մէջ՝ ապրելով տարբեր պայմաններու տակ – Պոլիս, Եգիպտոս, Լիբանան, Փարիզ եւ այլուր: «Արեւելահայ ե՛ւ արեւմտահայ գրողին իտէալը միշտ ալ նոյնացած է ամբողջական մէկ Հայրենիքի, մէկ ազգ ու ժողովուրդ սէրին մէջ», ընդգծեց ու եզրակացուց Տիւնեայեան, որ հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք յայտագրին մասնակիցները, շնորհակալութիւն յայտնեց Պր. Վարդան Ուզունեանին՝ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահին, որ ժամանած էր Լոնտոնէն, «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամին տնօրէնին եւ Ծրագիրներու պատասխանատուին՝ Պր. Արմէն Ծուլիկեանին եւ Տիկին Սեդա Խաչատուրեանին, ներկաներուն, եւ հրաւիրեց օրուան առաջին բանախօսը՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, գրականագէտ եւ գրաքննադատ, պետական նախկին գործիչ՝ ՀՀ Սփիւռքի նախկին նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, որ 40 վայրկեանի մէջ կրցաւ շահեկան վերլուծութեամբ եւ բանասիրական որոնումներու խոհավերթեւումներով ներկայացնել Յովհաննէս Թումանեանն ու անոր ծանրակշիռ, հարուստ գրական գեղարուեստական վաստակը:
Ապա հրաւիրուեցաւ ասմունքի վարպետ Տիկին Սիլվա Կոմիկեան, որ առաջին մասով շուրջ 25 վայրկեան ասմունքեց միայն Թումանեանի ստեղծագործութիւններէն գոհար կտորներ, որմէ ետք, երկրորդ բանախօս՝ արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսոր, կոմիտասագէտ եւ Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտի գիտխորհուրդի նախագահ Մհեր Նաւոյեան հրաւիրուելով ամպիոն, ներկայացուց Կոմիտասի անմահ գործը, Հայ Երաժշտութեան, Հայ անաղարտ երգի փրկագործական աշխատանքն ու դերը մեր արդի պատմութեան մէջ:
Կոմիտասին նուիրուած բանախօսութենէն ետք կրկին հրաւիրուեցաւ Տիկին Սիլվա Կոմիկեան, որ այս անգամ ասմունքեց յատկապէս Մեծ Երաժիշտին նուիրուած պոլսահայ համբաւաւոր գրողներու՝ Վարդ Շիկահերի «Կոմիտաս», Զարեհ Խրախունիի «Կոմիտաս» եւ Ռոպէր Հատտէճեանի «Երբ Մեր Աչքերը Բացինք…» ստեղծագործութիւնները՝ արժանանալով ներկաներու երկարատեւ ծափահարութեանց:
Յայտագրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «ԱՐԱՏՏԱ» Հայ խօսք ու երգի համոյթը, որուն մեներգիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Արսէն Համբարեան,Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն իր վեհաթռիչ կատարողութեամբ, ձայնային արտակարգ տաղանդով գերեց ու հմայեց ներկաները: «ԱՐԱՏՏԱ» խումբին անդամներն էին Հայկուշ Յակոբեանը՝ ֆլիւթի, Շողեր Միրզոյեան՝ ջութակի, Յովհաննէս Օգանեզով՝ թաւջութակի եւ Նունէ Դանիէլեան՝ քանոնի վրայ:
Հանդիսութեան աւարտէն առաջ տեղի ունեցաւ «Ծաղիկ» 2019 Բացառիկ եւ հարուստ բովանդակութեամբ հատորին գինեձօնը եւ «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը այս առիթով Պատուոյ Գիրեր յանձնեց 150-ամեակի հանդիսութիւններուն իրենց անսակարկ նուիրաբերումով մեծ ներդրում ունեցած Սերժ Սրապիոնեանին, Մհեր Նաւոյեանին, Սիլվա Կոմիկեանին, Արսէն Համբարեանին, Երեւանի «Թէքէեան Կենտրոն» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Վարդան Ուզունեանին, «Թէքէեան Կենտրոն» Հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանին եւ «Թէքէեան Կենտրոն» Հիմնադրամի Ծրագիրներու պատասխանատու Սեդա Խաչատուրեանին:
Աւարտին, հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ ներկաները առիթ ունեցան երկար զրուցելու՝ հայ գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը պանծացնող ազգի մեծերու մասին:
Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլի երեկոյեան յայտագիրը նուիրուած էր արեւմտահայ վիպագրութեան գագաթներէն, Յակոբ Պարոնեանէն ետք մեծանուն երգիծաբան Երուանդ Օտեանին եւ հայ թատրերգութեան հսկաներէն, սերունդներու դաստիարակ եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթին (Լեւոն Նահաշպետեան, Լեւոն Սեղբոսեան):
Դարձեալ Արմէն Ծուլիկեանի բարի գալուստի հակիրճ ելոյթէն ետք, «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը խօսք առնելով ըսաւ. «Մեծանուն գրող եւ գրաքննադատ Արշակ Չօպանեան, առիթով մը Երուանդ Օտեանին ուղարկած իր մէկ նամակին մէջ ըսած է, թէ հայ գրողը յաջողելու համար ծառայել իր Հայրենիքին, Ազգին, մշակոյթին ե՛ւ քաղաքակրթութեան՝ ատիկա պէտք է ընէ լոկ գրականութեան ճամբով, հեռո՛ւ քաղաքական, կուսակցական դաշտէ, որ միայն պիտի ջլատէ ուժերը, սպաննէ գրական տաղանդը…»: Տիւնեայեան հանգիտութիւններ գտնելով Չօպանեանի այս մտաբախումներուն եւ ֆրանսացի անուանի գրող Անաթոլ Ֆրանսի հայ ժողովուրդին մասին արտայայտուած մէկ խօսքին՝ ըսաւ. «Որքա՛ն իրաւացի էր Անաթոլ Ֆրանս, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդին մասին դիպուկ կերպով գրած էր աշխարհին դիմաց, թէ ծառայել հայ ժողովորդին՝ կը նշանակէ ծառայել քաղաքակրթութեան: Արդարեւ, Չօպանեանի հետ Անաթոլ Ֆրանսի գրչի բարեկամութիւնը թերեւս իր ցոլացումը կը գտնէր ֆրանսացի գրողին յիշեալ թեւաւոր խօսքի վերածուած արտայայտութեան մէջ»:
Բացման խօսքէ ետք Տիւնեայեան հրաւիրեց Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի տնօրէն, գրականագէտ, պատմագէտ եւ Անդրանիկագէտ Դոկտ. Կարօ Վարդանեանը, որ իր բանախօսութեան մէջ վեր առաւ Երուանդ Օտեանի անմարելի երկերուն արգասիքը՝ «Տասնեկու Տարի Պոլսէն Դուրս», «Յեղափոխութեան Մակաբոյծները», «Ընկեր Փանջունի», եւայլն, ընդգծելով, որ մեր ժողովուրդը կ’երեւի դեռ դասեր չէ քաղած յիշեալ երկերուն պատմական իրողութենէն, Օտեանը համարելով Յակոբ Պարոնեանի եւ Լեռ Կամսարի նման տիտաններու շարքին:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Տիկին Սիլվա Կոմիկեան, որ ասմունքեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Կաղանդ» արձակ գործը («Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» հատորէն), պոլսահայ ժամանակակից գրողներու՝ Զահրատի, Խրախունիի, Ռոպէր Հատտէճեանի, Վարդ Շիկահերի, Իգնա Սարըասլանի եւ Մկրտիչ Մարկոսեանի ստեղծագործութիւններէն, միշտ հանդիսանալով ակնդիրին կեդրոնաձիգ ուշադրութեան եւ բուռն ծափահարութեանց:
Այնուհետեւ յայտագիրը շարունակուեցաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Երաժշտական մասնագիտական դպրոցի Ժողովրդական գործիքներու համոյթի կողմէ Կոմիտասեան երաժշտական հոգեգրաւ կտորներու մատուցմամբ՝ ղեկավարութեամբ ու խմբավարութեամբ Նունէ Դանիէլեանի: Արուեստագէտ նուագող պատանի եւ պատանուհիներու կողմէ հրամցուեցան «Երկինքն Ամպել Է», «Շողեր Ջան», «Շախկըր-Շուխկըր», հայկական ժողովրդական երգ՝ «Ալագեազ»՝ Տիգրան Ասոյեանի կատարմամբ, Խաչատուր Աւետիսեանի «Եղէգ» տուտուկի մենանուագը Համլէթ Ռուստամեանի կատարմամբ, Գրիգոր Հախինեանի «Ինտերմեցօ»ն՝ Անի Ռուբէնեանի շուիի վրայ մենանուագով, ժողովրդական երգերու շարան՝ «Հարալօ»ն՝ Մարինէ Բալումեանի կատարմամբ, եւ վերջապէս «Շուրջպար»ը՝ Ծովինար Յովհաննիսեանի կատարմամբ: Համոյթին կատարումները խլեցին հիացումը ներկաներուն:
Լեւոն Շանթի գրական-թատրերգական ժառանգութեան մասին խօսելու դարձեալ հրաւիրուեցաւ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան, որ կանգ առնելով Շանթի «Հին Աստուածներ», «Ինկած Բերդի Իշխանուհին», «Օշին Պայլ» եւ այլ երկերու վրայ, ընդգծեց որ դժբախտաբար մինչեւ օրս Լեւոն Շանթին չէ տրուած այն գնահատանքը, որուն արժանի էր ան:
Յայտագրի վերջին բաժինով կրկին հրաւիրուեցաւ Տիկին Սիլվա Կոմիկեան, որ ասմունքեց Լեւոն Շանթի «Գիշերապահը» բանաստեղծութիւնը, ապա յաջորդաբար Սիլվա Կապուտիկեանի «Հող Հայրենի»ն եւ Պարոյր Սեւակի «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնները, ներկաներուն ոգեզինող խանդավառութիւնը հասցնելով գագաթնակէտ:
Աւարտին, «Ծաղիկ»ի խմբագրապետը Պատուոյ Գիրեր յանձնեց Դոկտ. Կարօ Վարդանեանին եւ խմբավար Նունէ Դանիէլեանին: Ան կրկին առանձին-առանձին շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի բոլոր մասնակիցներուն, ներկաներուն, կրկին հանդիպելու յոյսով: